«Նոր Յառաջ»-ը գրում է.
«Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը յայտարարէ, թէ իր նախագահը՝ տիկին Հիլտա Չոպոյեան, ընտրուած է Ֆրանսայի Ռոն-Ալփ մարզի Շրջանային Խորհուրդի անդամ: Իր նոր պատասխանատուութիւնները ստանձնելու բերումով՝ տիկին Չոպոյեան հրաժարած է ԵՀԴՅ նախագահի իր պաշտօնէն»,- ապա թերթը հավելում է.
«Երեք տասնամեակներէ աւելի, տիկին Չոպոյեան գտնուած է Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներու ծիրէն ներս՝ առաջատար դիրքերու վրայ: Վերջին տասնամեակին՝ ան ծառայեց իբրեւ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ: Իր գործակիցներուն հետ միասնաբար, ան աշխատեցաւ անձնըւիրաբար եւ յաջողեցաւ ունենալ կարեւոր իրագործումներ, մեր ազգային հետապնդումներու մարզերէն ներս: Իր ներդրումով է նաեւ, որ ԵՀԴՅ դարձաւ եւրոպահայութեան ձայնը եւրոպական հաստատութիւններէն ներս:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահութիւնը ստանձնած է, Պ. Գասպար Կարապետեան՝ նախկին ատենապետ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ԵՀԴՅ խորհուրդի անդամ»: