Լօռան Ֆապիիւս՝ Արտաքին Գործոց նախարարը, յայտարարեց, որ Ֆրանսան խորհրդարան պիտի չյղէ Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը պատժող նոր օրէնք մը։ Այս յայտարարութիւնը կը հակասէր նախագահութեան թեկնածու Ֆրանսուա Հոլանտի՝ անցեալ Ապրիլ 24ի խոստումին, թէ անհրաժեշտ է եւ ինք յանձնառու է քուէարկել տալու ժխտողականութեան դէմ օրէնք մը, որ կը յարգէ ֆրանսական Սահմանադրութիւնը։
Բարեբախտաբար, նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ հաղորդագրութեամբ մը յստակացուց իր դիրքը եւ ժամանակաւոր կերպով փարատեց հայկական կողմին այն մտավախութիւնը, թէ Ֆրանսա ենթարկուելով թրքական ճնշումին՝ կը զոհէ Հայ Դատը առեւտրական պայմանագիրներու դիմաց։ Հաղորդագրութիւնը կը յիշեցնէ նաեւ, որ հանդիպում մըն ալ նախատեսուած է Փարիզի CCAFի պատասխանատուներուն հետ Յուլիս ամսուն ընթացքին՝ արծարծելու համար ժխտողականութեան պատժելիութեան նիւթը։
Թէ՛ նախագահին, թէ՛ Արտաքին գործոց նախարարին գործածած բառերը կը թաքցնեն լուրջ մտահոգութիւն մը՝ չըսելու համար, կը մատնեն խաղ մը, որ դիւանագիտական լեզուի բոլոր նրբութիւնները կը պարփակէ։ Ֆապիիւս Տաւութօղլուին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին չժխտեց Ցեղասպանութեան գոյութիւնը, այլ ըսաւ, որ “Ակնյայտ է, որ դարձեալ կը մերժուինք, եթէ մենք ալ նոյն ճամբուն հետեւինք, յստակ է, թէ մենք չենք կրնար ընթանալ նոյն ճամբէն”։ Ֆրանսուա Հոլանտ կը պնդէ, թէ Սահմանադրական Խորհուրդին կողմէ «Պուայէ» օրինագծին անսահմանադրական հռչակուելէն ետք՝ կառավարութիւնը տակաւին չէ որոշած, թէ ինչ իրաւական միջոցի պիտի դիմէ յարգելու համար նախագահական խոստումը։ Խորհրդածութիւն մը սկսուած է, որուն արդիւնքին համաձայն յետագայ քայլերը պիտի առնուին։
Ահաւասիկ ծուղակը։ Սահմանադրական Խորհուրդին կողմէ՝ ցեղասպանութիւններու ժխտումի պատժումը նախատեսող օրինագծին հակասահմանադրական ըլլալու բնորոշումը, կը շրջէ քաղաքական բոլոր հաշուարկները եւ պահանջատիրական պայքարները։ Ձեւով մը նաեւ Ֆրանսայի քաղաքական դասին հաշւոյն ալ կու գայ։ Յատկանշական է աջակողմեան կուսակցութիւններու լռութիւնը Ֆապիիւսի արտայայտութիւններուն դիմաց։ Ինչո՞ւ։ Անկասկած անոնց հաշւոյն ալ կու գայ Հայոց Ցեղասպանութեան տաղտկալի թղթածրարէն առանց մեծ վնասի ձերբազատուիլը։ Վերջապէս կարելի է յանցանքը Սահմանադրական Խորհուրդին ուսերուն բարդել։ Թուրքիան ալ տակաւին չհակազդեց նախագահին յայտարարութեան, ինչ որ իրեն կարգ մը ապահովութիւններ տրուած ըլլալու նշան է։ Փաստօրէն, Յուլիս ամիսը պիտի ըլլայ մեծ յուսախաբութիւններու կամ մեծ անակնկալներու ամիսը։