Սփիւռքի նախարարի յայտարարութիւնը՝ երկպալատ խորհրդարան ստեղծելու Հայաստանի նախագահի մտադրութեան մասին, լայն արձագանգ գտաւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ:
Այս մասին քաղաքական գործիչներու թէ փորձագէտներու կողմէ հրապարակուած միտքերը մէկ բան յստակ կը դարձնեն, որ այս գաղափարը հասունցած չէ, որ ան տակաւին հանգամանօրէն քննարկուելու եւ յստակացուելու կարիքը ունի՝ նախքան սահմանադրական փոփոխութեան հասնելու անհրաժեշտ յստակ բանաձեւումի մը յանգիլը:
Թէ ինչո՞ւ նախարարի Լոս Անճելըս այցելութիւնը պատեհ առիթ նկատուեցաւ այսպիսի յայտարարութիւն մը կատարելու, չենք ուզեր այդ մասին ենթադրութիւններ կատարել: Ոչ ալ յայտարարուածի կանխահաս ու անորոշութիւններով լի ըլլալը բացասաբար գնահատելու կը պատրաստուինք:
Ի վերջոյ, Սփիւռքը ազգային խնդիրներու լուծման գործին մասնակից դարձնելու մտադրութիւնը անքննելի կը գտնենք ու այդ ուղղութեամբ փնտռտուքները լուծման մը հասցնելու վճռականութիւնը կարեւոր կը նկատենք:
Այս հանգրուանին, երբ արդէն Հայաստանի կառավարական բարձրագոյն օղակէն գաղափար մը մէջտեղ նետուած է, պէտք է նախ այդ գաղափարի վարկաբեկման առաջքը առնելու միջոցներ առնուին բոլոր իրաւասու կողմերու մասնակցութեամբ:
Իբրեւ գաղափարի հասունացման ուղի, կ՛առաջարկենք Հայաստանի նախագահի կողմէ, Ազգային Ժողովի, քաղաքական կուսակցութիւններու, սփիւռքի ներկայացուցիչներու եւ մասնագէտներու աշխատանքային խումբի մը յառաջացումը, որուն պարտականութիւն պէտք է տրուի մշակել տարբեր առաջարկներ գաղափարի գործնականացման համար, ապա զանոնք հրապարակային քննութեան ներկայացնել՝ նախքան վերջնական բանաձեւումով զանոնք վերադարձնելը նախագահին:
Աշխատանքային խումբի ստեղծումն իսկ կարելի է նկատել առաջին ու կարեւոր իրագործում մը գաղափարի կենսագործման մարտահրաւէրը դիմագրաւելու ուղղութեամբ: