Ֆրանսիայում լույս տեսնող «Նոր Յառաջ» պարբերականն այսօր տպագրել է հարցազրույց Ֆրանսիայի թեմի նախկին առաջնորդ Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարյանի հետ, որը ներկայացնում ենք ամբողջությամբ:
ՀԱՐՑՈՒՄ – Սրբազան Հայր, ԱՄՆ–էն «Ճշմարտութիւնը պիտի ասուի» հեռատեսիլի հաղորդման վարիչ՝ Արա Մանուկեանի՝ 2013 Օգոստոս 12ին Տէր Վաչէին հետ կատարած տեսազրոյցին մէջ Վաչէ Քհնյ. Հայրապետեան ձեզ կ՚ամբաստանէր, ըսելով որ դուք «ստախօս» էք եւ թէ ձեր հրաժարականի նամակը դուք չէք գրած։ Կը մէջբերենք իր խօսքերը՝ «Առաջնորդը ինքը չէ այդ նամակի հեղինակը, ես առաջնորդին արդէն ճանաչում եմ տասը տարի է եւ առաջնորդի ետեւ այն մարդիկ որ կանգնած են, էդ խեղճ մարդուն գործածեցին, իրականում»։ Ներկայիս ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ ունիք Տէր Վաչէի հետ, քանի որ ի վերջոյ ան կը մնայ Հոգեւոր հովիւը Սթրազպուրկի, որ Ֆրանսայի թեմին մաս կը կազմէ։
ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ – Եթէ կը յիշէք հրաժարականիս մէջ գրած էի, անկառավարելի եկեղեցականները կառավարելու ո՛չ ժամանակը ունիմ եւ ո՛չ ալ տրամադրութիւնը։ Հիմա, դուք զիս կը ստիպէք որ ես ժամանակ տրամադրեմ Տ. Վաչէի սուտերը ճշդելու եւ սխալները սրբագրելու։ Կ՚արժէ՞։ Տ. Վաչէն ուզածին չափ թող բարձրաձայնէ թէ ես չեմ այդ նամակին հեղինակը։ Բան չի փոխուիր իրականութենէն։ Ան երբեք պիտի չկարենայ բերել իր ըսածին փաստը։ Երկինքը գոնէ գիտէ որ ես եմ հեղինակը։ Զարմանալին սակայն այն է որ իր ձայնին հաստատակամ շեշտ կու տայ, եւ կը կրկնէ կարգախօս մը, որ հրաժարականիս յաջորդ առտուն իսկ լսած եմ կարգ մը անձներու բերնէն, որոնք չես գիտեր որո՞ւ հաճելի դառնալու համար հնարած էին ատիկա։ Ինծի այնպէս կը թուի թէ Տէր Հայրը թութակաբար կը կրկնէ ուրիշներէն լսածը։
Տէր Վաչէն, որպէս եկեղեցական, միշտ պաշտպանած եմ, յարգելով հոգեւորականի իր կոչումը, հակառակ Նիսի նախկին իր վարչականներու գանգատին, որոնք խնդրոյ առարկայ կը դարձնէին եկեղեցականի նիստ ու կացին անյարիր իր կարգ մը բարքերը։ Դժուար էր զինք պաշտպանելը, յատկապէս ծխական եւ թեմական կարգ մը անդամներուն համատարած դժգոհութիւններուն դիմաց։ Բայց յարգած եմ անոր սքեմը։ Հաւատացած եմ, որ ան վերջապէս կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ իր կոչումին, արժանաւոր քահանայ ըլլալու բոլոր հնարաւորութիւնները ունենալով, հաւատացած եմ որ կրնայ դարձի գալ։ Եւ ես իրապէս ուզեցի օգնել իրեն իր առջեւ պարզուած դժուարին եւ բարդ հարցերուն մէջ։
ՀԱՐՑՈՒՄ – Իսկ երբ ձեզի «ստախօս է» կ՚ըսէ, ի՞նչ կը պատասխանէք։
ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ – Ամենեւին զիս չի զարմացներ, երբ անձս այդպէս կ՚որակէ։ Վերջապէս առաջնորդութեանս վեց տարիներուն թեմի հաւատաւոր ժողովրդեան հետ այնքան չեմ զբաղած, որքան Տէր Վաչէի հարցերով եւ խնդիրներով։ Զինք լաւ կը ճանչնամ, գիտեմ ճարտասանական պերճանքին յատկանիշը իր եւ անոր հագցուցած հռետորութիւնը, որով դիւրաւ կրնամ ջոկել իր մօտ փչողականը իրաւէն, շպարը բնականէն։
Ինքնապաշտպանութիւն չթուի նկարագրութիւնը դէպքի մը, որ սուտի վիճակներէն օրինակ մըն է, մէջտեղ հանելու համար ճշմարտութիւնը։ Նիսի մէջ պաշտօնի վրայ էր ան այդ օրերուն, քովնտի աղբիւրներէ յանկարծ իմացանք որ Նիսի եւ PACA-ի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութիւն մը հիմներ է։ Ձեռքերնիս անցաւ կանոնագիրը։
Ընթերցողներս ապշեցանք։ Այս գործին նախաձեռնած էր ան, առանց տեղեակ պահելու առաջնորդն ու թեմական խորհուրդը։ Թեմը արդէն Ֆրանսայի ընդհանուր տարածքին վրայ նման միութիւն մը հիմնած էր, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ երիտասարդաց համաշխարհային միութեան հովանաւորութեան տակ, որ կը ղեկավարուի ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Տէր Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ։ Մեր եկեղեցական համագումարներէն մէկուն, տարիներ առաջ, որուն Տէր Վաչէն ալ ներկայ էր եւ կ՚անդամակցէր, Վալանսի հոգեւոր հովիւ՝ Տէր Անդրանիկ Քհնյ. Մալճեանը ընտրուած էր իբրեւ նախագահ Ֆրանսայի երիտասարդականի մասնաճիւղին, եւ կը զբաղէր այդ միութեան կանոնագրութեան նախագիծի պատրաստութեամբ, Յովնան սրբազանի հետ։ Տ. Վաչէն այս բոլորը լաւ գիտէր։ Պահ մը մէկդի դնենք թեմական կարգապահութեան հանդէպ իր անպարկեշտութիւնը, բանանք ծալքերը իր նախաձեռնութեամբ ստեղծուած երիտասադացի կանոնագրութեան։ Ինչո՞ւ եկեղեցւոյ անունով յայտարարուած միութեան մը կեդրոնատեղին կը կրէ իր բնակարանին հասցէն։ Մի՛ աճապարէք։ Կայ աւելի շշմեցուցիչը։ Միութեան նպատակը.- «Ալփ-Մարիթիմի կուսակալութեան յայտարարութիւն. Նիսի եւ ՓԱՔԱ-ի հայկական եկեղեցւոյ երիտասարդներ։
Նպատակ – Երիտասարդները մասնակից դարձնել կրօնական, մարզական եւ մշակութային գործունէութիւններու. անոնք նաեւ պէտք է օգնեն ՓԱՔԱ շրջանի հայկական ընկերակցութիւններուն եւ հսկեն անոնց սահմանած նպատակներուն՝ օրէնսդրական տրամադրութիւններու համաձայն իրագործումին. այս նպատակով սոյն միութիւնը կրնայ պահանջել կազմակերպութիւններու վարչութիւններէն եւ Ընդհանուր ժողովներէն իրենց ընտրական փաստաթուղթերը, որոնք հանրամատչելի են, նաեւ հանրամատչելի այլ փաստաթուղթեր, ինչպէս՝ եկամտային աղբիւրներու գործածութիւնը՝ նուիրատւութիւն, կտակ եւլն. մերժումի պարագային ան կրնայ, ըստ օրէնքի, դատական միջոցներով զանոնք պահանջել…»։
Հիմա դո՛ւք ըսէք։ Ասիկա եկեղեցւոյ երիտասարդաց միութի՞ւն է, թէ ոչ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ «ոստիկանական» միութիւն։ Այս մասին երբ իրազեկ պահուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Վեհափառ Հայրապետը իսկոյն հրահանգեց անմիջապէս լուծարել այդ միութիւնը։ Քահանային փոխանցեցի Վեհափառին հրահանգը։ Խոստացաւ լուծարել շուտով։ Ամիսները անցան։ Փաստաթուղթի ուշացումի պատճառով, հեռաձայնեցի։ Ըսաւ՝ «լուծարել եմ»։ Ատեն մը ետք դարձեալ հեռախօսեցի, լուծարման փաստաթուղթը պահանջելով։ Պատասխանեց ըսելով՝ «Լուծարել եմ։ Ձեզ եթէ շատ պէտք է փաստաթուղթը, գացէք ինքներդ փնտռեցէք Ժուռնալ Օֆիսիէլի մէջ»։ Գիտէի որ կը ծաղրէր։ Ժուռնալ Օֆիսիէլի մէջ մինչեւ օրս չէ յայտարարուած լուծարումը։ Մնացեալը դուք եզրակացուցէք։
ՀԱՐՑՈՒՄ– Ինչո՞ւ ան վարչական պատիժի չենթարկուեցաւ։
ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ – Պատժելը իմ բնաւորութեանս մէջ չկայ։ Խրատելը՝ այո՛։ Աղօթել որ ան իր վարքագիծը բարելաւէ։ Կ՚ընդունիմ որ շատ բարեացակամ գտնուած եմ, թերեւս ալ մեղաւոր եմ այս կէտին վրայ, որ չեմ պատժած զինք, այլ ընդհակառակը՝ պաշտպանած։ Սակայն, ինչպէս ինք ալ կը խոստովանի իր տեսազրոյցին մէջ՝ «Մի օր ասի «Սրբազա՜ն, դու առաջնո՛րդ ես, ձեռդ գաւազան ունես։ Երբ որ գալիս է մի պահ, դու որոշում պիտի առնես։ Առաջնորդ լինելը դա է»»։ Այո, Տէր Վաչէն գաւազանին կը հնազանդի, այդպէս դաստիարակուած է։
Այս դրուագը կը բացատրէ նաեւ հրաժարականիս մէջ արծարծուած կարգ մը խնդիրները, որոնք Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տիրող դաստիարակչական մթնոլորտին կը վերաբերին՝ հայրական սիրոյ, շնորհքի բացակայութեան …
ՀԱՐՑՈՒՄ – Տէր Վաչէն կը պնդէ, թէ երկու տարի առաջ ձեզի զգուշացուցած է որ ինք պահակութիւն կ՚ընէ։
ՆՈՐՎԱՆ ԱՐՔ. ԶԱՔԱՐԵԱՆ – Մենք ո՛չ մէկ պաշտօնական թուղթ ունինք անոր պահակութիւն ընելուն վերաբերեալ։ Նախ ըսեմ, թէ Տէր Վաչէն Սթրազպուրկ նշանակուած թուականէն ետք, ձգձգեց Նիսէն իր հեռանալը եւ երբ գնաց, յապաղումով կատարեց Թեմին թելադրանքը եւ ուշացումով հիմնեց Ծխական կրօնական ընկերակցութիւնը ու գրանցեց զայն պետութեան մօտ։ Սթրազպուրկ տեղաւորուելէ ետք, այնուհետեւ տեղւոյն նորակազմ վարչութեան ատենապետէն նամակ մը ստացանք, ուր Ծխական խորհուրդը կը յայտնէր թէ իրենք քիչ մը ժամանակի պէտք ունին տնտեսական կառոյց մը հիմնելու համար, իսկ մինչ այդ Թեմը պէտք էր ապահովէր Տէր Վաչէին ամսականը։ Ատոր ալ ընթացք տրուեցաւ, անշուշտ ժամկէտ մը ճշդուեցաւ եւ ատոր մասին ալ տեղեակ պահուեցաւ Տէր Վաչէն։ Բնականաբար ճիշդ ժամկէտին Թեմը դադրեցուց իր վճարումները։ Եւ սակայն տնտեսական կառոյցը չէր ստեղծուած, ան թերացած էր իր պաշտօնին մէջ, միշտ թեմին հոգատարութեան ապաւինելով։
Մենք գրաւոր ոչ մէկ փաստ ունինք, ոչ մէկ դիմում նիւթական ակնկալութեան։ Իսկ եթէ ինք փաստ ունի, թող մէջտեղ հանէ։ Աւելին, մենք անցեալ Մայիսին պատահականօրէն տեղեկացանք թէ ինք հովուական պաշտօնէն դուրս աշխարհիկ գործ ալ կ՚ընէ դրամ շահելու համար…։ Ուրեմն, Տէր Հայրը այս մասին կը տեղեկացնէ Վեհափառին եւ երբ Յունիս ամսուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Փարիզ այցելեց մեզի հարցուց Տէր Վաչէի պահակութիւն ընելուն վերաբերեալ։ Մենք ըսինք թէ պաշտօնապէս լուր չունինք…
Դժբախտաբար, Տէր Վաչէն փոխանակ տեղեկագրով թեմին դիմելու իր վարձատրութեան հարցերը լուծելու համար, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան դիմած էր… Ի՞նչ էր նպատակը՝ առաջնո՞րդը վարկաբեկել։
Հարցազրոյցը վարեց՝ Ժիրայր Չոլաքեան










































