Արդէն տարի մըն է որ Գարֆուրի Հայաստան մուտքը կը քաշքշուի։ Դարձած է լրատու միջոցներու ամէնօրեայ քննարկման նիւթ։ Պետութիւնը կը մեղադրուի սակաւապետներու ճնշումին ենթարկուելու յանցանքով, որոնց մենաշնորհեալ շահաւէտ դիրքերուն մահացու հարուած կրնայ հասցնել ֆրանսական համաշխարհային տարածում ունեցող ընկերութիւնը։ Նոյնիսկ, ԱՄՆ-ու դեսպանը՝ Հեֆըրն, իր կարծիքը յայտնած է՝ ըսելով որ Գարֆուրի Հայաստան մուտքը մրցակցութիւնը կը խթանէ։
Իրօք, Գարֆուր կրնայ սկզբնական շրջանին շատ օգտաւէտ դեր խաղալ, բաւական մեղմել ընդհանուր առմամբ շուկայի մէջ կիրարկուած մենաշնորհային գիները։ Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ մենաշնորհումները չեն վերանար աւելի հսկայական մենաշնորհում մը ստեղծելով։ Գարֆուրի տարեկան վաճառքի ծաւալը 82 միլիառ եւրօ է. սակարանային դրամագլուխը՝ 14 միլիառ։ Աշխարհի մէջ 400.000 հոգի կ՚աշխատցնէ։ Հայաստանի մէջ ո՞ր օլիկարխը կրնայ մրցակցիլ հետը։ Պետութիւնը կրնա՞յ կանգնեցնել անոր գերակայութիւնը։ Ինչպէս որեւէ առեւտրական ընկերութիւն, նպատակը դրամ շահիլ է՝ ո՛չ բարեսիրութիւն ընել, ո՛չ ալ հայրենասիրութիւն։
Թէ ան ֆրանսական ըլլայ կամ եւրոպական, այդ ըսել չէ թէ անպատճառ պատուական է, հայաստանցի քաղաքացիին նպաստաւոր է, Հայաստանի տնտեսութեան հզօրացման կը նպաստէ։
Պահ մը նայինք, թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ կը գործէ Carrefour Ֆրանսայի մէջ, ինչպէ՞ս կ՚ապահովէ մրցունակ կամ աժան գիներ, ի՞նչ քաղաքականութիւն կը վարէ տեղական երկրագործներու եւ այլ առտնին իրեր արտադրող ընկերութիւններու հետ, որքանո՞վ կը գոհացնէ Ֆրանսացիները՝ նախքան զինք Հայաստան հրաւիրելը։
Ֆրանսայի սպառողական շուկան 60 միլիոն մարդ կը հաշուէ։ Գարֆուրի նման տասնեակ ընկերութիւններ գոյութիւն ունին, որոնք 1960ական թուականներէն ֆրանսական սպառողական շուկան կամաց կամաց գրաւեցին։ Անոնց հզօրացումին համաքայլ վերացան փոքրածաւալ նպարավաճառները, մանրածախ խանութները՝ պանրավաճառ, մսավաճառ։ Ինչ որ Փարիզի եւ ֆրանսական այլ մեծ ու փոքր քաղաքներուն գրաւչութիւնն էր՝ թաղին մէջ, անմիջական հարեւանութեան կենսական ապրանքներ վաճառողներու ներկայութիւնը, գրեթէ վերացաւ։ Բարեբախտաբար, դեռ գոյութիւն ունին թաղամասային բացօթեայ շուկաները, ուր մարդկային յարաբերութիւններու ջերմութիւնը, վաճառողներու հանդէպ վստահութիւնը, ապրանքատեսակի զանազանութիւնը, տեղական արտադրանքներու վաճառքը կը գոյատեւեն: Երեւոյթներ, որոնք անհետացած են մեծ վաճառատուներու սպասարկման դաշտէն։
Փոքր անկախ վաճառատուներու վերացումէն ետք՝ Գարֆուր ինք սկսաւ ստեղծել իր փոքր նպարավաճառատուներու միատեսակ ցանցերը՝ Գարֆուր Սիթի, Գարֆուր Մարքէթ եւ այլ անուանումներով։
Երկրորդ կարեւոր խնդիրը՝ տեղական ֆրանսական գիւղատնտեսական եւ այլ սպառողական իրեր արտադրող ընկերութիւններու պարագան է, որոնք միշտ կը դժգոհին եւ կը պայքարին հանրախանութներու գնումներու քաղաքականութեան դէմ։ Գարֆուր եւ իր նմանները այնքան հզօրացած են, այնքան ծաւալած իրենց գործունէութիւնը, համաշխարհայնացած, որ հեղձուցիչ պայմաններ կը պարտադրեն իրենց ապրանք հայթայթող ընկերութիւններուն. գինէն անդին՝ ծաւալ, տեղափոխութեան պայմաններ, ծրարաւորում, որակ, վճարման պայմանաժամ…։
Եթէ տեղական արտադրողները չհամակերպին այդ պայմաններուն, այլ լուծումներ շատ հեշտօրէն կը գտնուին՝ տուեալ ապրանքը ներածել ուրիշ երկիրէ մը, կամ ուր որ գիները նուազագոյնն են, կամ արտադրել տալ արտասահմանի մէջ։ Ինչ որ պատճառ կը դառնայ տեղւոյն գործատուներու անգործութեան ու գործատեղիներու փակման՝ իր բոլոր տնտեսական եւ ընկերային տխուր հետեւանքներով։
Պարբերաբար, ֆրանսացի երկրագործներ հանրային եւ մթերային այլ մասնաճիւղեր, լայնածաւալ ցոյցերու կը դիմեն՝ պետութենէն պահանջելով արգելք հանդիսանալ՝ հանրախանութներուն զիրենք խեղդելուն, իրենք առաւելագոյն շահը ապահովելով՝ ապրանքի ինքնարժէքէն նուազ գիներ պարտադրելուն, կամ այլ երկիրներէ ապրանք ներածելուն։
Թէեւ, գոյութիւն ունի տարիներէ ի վեր հաստատուած օրէնսդրական եւ մրցակցային դաշտ, որ կ՚ապահովէ որոշ չափով գիներու կայունութիւնը եւ սպառողներու իրաւունքները։ Սակայն, սպառողներու նպաստաւոր գիներու պատշաճութիւնը յաճախ կը բանի ի վնաս տեղական արտադրութեան եւ տնտեսական զարգացման։
Անկասկած, Հայաստանի պարագային՝ ժողովուրդը, միջին քաղաքացին այն աստիճան զզուած են իրավիճակէն, անարդար, անհասկնալի կեանքի սղութեան աճէն, որ պատրաստ են ընդունելու անմիջական որեւէ կարգադրութիւն։ Մտածելու, կշռադատելու տեղ չէ մնացած։ Միայն թէ բան մը թող փոխուի՝ նոյնիսկ եթէ ապագային, սպասուածին տասնապատիկը վնաս կրնայ հասնիլ ժողովուրդին եւ ընդհանուր առմամբ Հայաստանի նման փոքր պետութեան տնտեսութեան։
Գարֆուրի նման հսկայածաւալ ընկերութիւնները համայնակուլ են։ Հոն ուր հաստատուին, կը տիրապետեն, չըսելու համար կը տիրեն՝ բացի այն պարագաներէն, երբ հզօր պետութիւն եւ ազգային տնտեսութիւնը պաշտպանող օրէնսդրական պատշաճ համակարգ մը գոյութիւն ունենայ՝ ապահովելու համար արդար մրցակցութիւնը։
Գարֆուրին Հայաստան հաստատուիլը՝ շահաւոր պիտի ըլլայ միայն Գարֆուրին։ Օլիկարխներու մենաշնորհներու վերացումը պիտի չկատարուի ի շահ հայաստանցի սպառողին։ Ֆրանսայի մէջ եւ այլուր փորձը ցոյց տուած է, որ Գարֆուրի նման համաշխարհայնացած ընկերութիւնները գերագոյն շահ ապահովելու մեքենաներ են։ Ազգային պատկանելութիւն չունենալով՝ շահուած գումարները երկրին մէջ չեն մնար։
Դժբախտաբար, Հայաստանի մէջ օրինական դաշտը խանգարուած է՝ այն աստիճան, որ համաշխարհային ընկերութեան մը Հայաստան մուտքը կը դիտուի իբր օլիկարխներուն դէմ հիմնական պայքարի միջոց, իբր միակ ուղին երկիրը կենսական ապրանքներ ներմուծող մենաշնորհներու անկուշտ ժանիքներէն փրկելու, փոխանակ քաջալերելու տեղական մրցակցային դաշտի ստեղծումը, որ նպաստաւոր ըլլայ թէ՛ սպառողին, թէ՛ արտադրողին եւ վաճառողին։
Ժ. Չ.
«Նոր Յառաջ»