Մայիս 15ին, Ֆրանսայի նոր նախագահը՝ Ֆրանսուա Հոլանտ, Էլիզէի պալատին մէջ տեղի ունեցած արարողութեամբ՝ պաշտօնապէս ստանձնեց իր պաշտօնը, փոխարինելով Նիքոլա Սարքոզիին:
Որպէս նախագահ ունեցած իր առաջին ելոյթին մէջ, Հոլանտ շեշտը դրաւ «վստահութեան» վրայ: Ապա, կառքով Շան զ՚Էլիզէէն բարձրացաւ Յաղթանակի կամար, ուր ծաղկեպսակ զետեղեց Անյայտ զինուորի արձանին: Հոնկէ անցաւ լայիք դպրոցի հիմնադիր Ժիւլ Ֆէրիի արձանին, ուր եւս ծաղկեպսակ զետեղեց: Հոնկէ ալ մեկնեցաւ այլ մեծարանք մը կատարելու՝ Մարի Գիւրիի արձանին առջեւ: Այսպէսով՝ Հոլանտ, խորհրդանշական ձեւով, նախագահութեան իր առաջին օրն իսկ մեծարած եղաւ՝ Ֆրանսայի համար նահատակուածներուն յիշատակը, հանրային լայիք դպրոցը եւ գիտական հետազօտութիւնները:
Այնուհետեւ, Հոլանտ ներկայ գտնուեցաւ Փարիզի քաղաքապետ Տըլանօյէի կողմէ քաղաքապետարանին մէջ կազմակերպուած յատուկ արարողութեան, մինչ ամբոխը դուրսը հսկայ պաստառէն կը հետեւէր արարողակարգին:
Նոր Յառաջ