Լաւ լուրերը, ազգային յաղթանակները, իրագործումները, նուաճումները, յաջողութիւնները որեւէ մարզի կամ ոլորտի մէջ կ՛ոգեւորեն մեզ եւ մեր ընթերցողները: Մենք ալ իսկապէս ամէն ճիգ կը թափենք, որպէսզի փնտռենք, գտնենք ու թերթը լեցնենք նման լուրերով:
Մեզի համար նաեւ շաaտ հաճելի է մեր ազգակիցներու նուաճումներուն մասին տեղեակ պահել մեր համայնքը, գիտնալով, որ իւրաքանչիւր հայու յաջողութիւնը հպարտութեան ու ներշնչման աղբիւր է շատ շատերու համար:
Յաղթանակներու ու նուաճումներու հետ, սակայն, ճակատագիրը մեզի, միշտ, նոյնիսկ աւելիով բաժին հանած է ձախողութեանց ու պարտութիւններու բաւական ճոխ քանակ մը: Անոնց մասին գրելը կը ճմլէ մեր հոգին ու մխիթարանքի աղբիւրներ փնտռելու կը մղէ մեզ:
Մայիսը մեր պատմութեան մէջ յաղթանակներու ամիս ըլլալով (տարուան մէկ ամիսը այդպէս կոչելու իրաւունքը շահած են Սարդարապատի ու Շուշիի հերոսները), գուցէ սնոտիապաշտական դրդումով, հաւատացած էինք, որ այս օրերուն միջազգային ուաշդրութիւն գրաւող մրցումներուն ալ հայերս միայն յաղթանակի բաժակներ պիտի ապահովէինք:
Դժբախտաբար այդպէս չեղաւ:
«Եւրոտեսիլ»ի այս տարուան մրցոյթին յաղթողներու առաջին տասնեակի ցանկէն դուրս մնացինք: Աւելին, ի հեճուկս մեզի, Ատրպէյճան աննախընթաց յաջողութիւն արձանագրեց ու առաջին տեղը շահելով՝ յաջորդ տարի «Եւրոտեսիլ»ը Պաքուի մէջ կազմակերպելու իրաւունքը ձեռք ձգեց:
Անցեալ Շաբաթ օր ալ, Արթուր Աբրահամի ուժին հաւատացողներս, մեր սիրելի ախոյեանին յաղթական տեսնելու ցնծութիւնը չկրցանք վայելել:
Մայիսը դեռ նոր կիսեցինք: Յուսանք, որ յաղթանակներու մասին տեղեկացնելու մեր փափաքը կ՛իրականանայ ու լաւ լուրերու կարօտ չենք մնար: