Խմբագրական
Նստած նախագահական գրասեղանին դիմաց (մեր երեւակայութեան պաստառին վրայ, անշուշտ)՝ Պարաք Օպամա դարձեալ կը փորձէ երկնել յայտարարութեան մը բնագիրը, իբրեւ յառաջադրանք ունենալով թէ՛ հայկական եւ թէ թրքական կողմերը գոհացնելը. բան մը, որուն անկարելիութեան մասին քաջ գիտակից է սարեր շարժելու խոստումով հրապարակ իջած նախագահը:
Արդիւնքը՝ երկու կողմերն ալ դժգոհութիւն յայտնեցին: Հայերու դժգոհութիւնը հիմնաւոր է, որովհետեւ Ցեղասպանութեան իրաւական սահմանումն է, որ խոստացուած էր մեզի, նախագահական թեկնածու Օպամային կողմէ, եւ որ շարունակականօրէն կը զլացուէր ու բառերու կոյտով մը կը թաղուէր: Թրքական կողմի դժգոհութիւնը դիւանագիտական է, առաւելագոյն քաղաքական շահ ապահոված չըլլալու լկտիութիւն:
Այսուհանդերձ, Օպամայի յայտարարութեան մէջ խճողուած բառերէն ու սահմանումներէն առանձնացնելով «մեծագոյն նախճիր», «ջարդեր ու տեղահանութիւն», «1.5 միլիոն հայ զոհեր», «պատմութիւնը վիճելի» դարձնելու եւ իրենց կեանքը կորսնցնողներու յիշատակը արատաւորելու վտանգները (դարձնողը Թուրքիան է, որովհետեւ բնագիրին մէջ կը խօսուի միայն իրենց կեանքը կորսնցուցած, ջարդուած հայերու մասին, որոնց յիշատակն է որ կ՛արատաւորուի), «Մեծ Եղեռն», որ հայկական լեզուամշակոյթին մէջ յստակ բնութագրում է արհաւիրքին, որ Ցեղասպանութիւնն է, «կործանարար դէպքեր», «իր ոչնչացումը փորձող պետութիւններու դէմ կանգնած հայ ժողովուրդը», «Մեծ Եղեռնի սահմռկեցուցիչ դէպքերը» միտքերն ու բառերը… ի՞նչ կրնանք եզրակացնել: Բոլոր յղացքները այս քանի մը պարբերութեան մէջ կ՛աղաղակեն Ցեղասպանութիւն, կը նկարագրեն ցեղասպանական արարքի մանրամասնութիւններ, կը պատմեն ցեղասպանութենէն, բայց, տարօրինակ վախկոտութեան մը տուրք տալով՝ կը կանգնին իբրեւ թէ անոր սահմանման եզրին, բայց՝ իրողապէս հեռու, շա՛տ հեռու անկէ:
Ինչպէս կրնայ Օպաման փրկուիլ այս տուայտանքէն… Ճշմարտութեան յենելով միայն:
Աբօ Պողիկեան