Խմբագրական
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգները, որ համահայկական կառոյցներու մեծամասնութեան համար կը նկատուի կազմակերպական առանձին շրջան, կ՛ընդգրկէ հսկայական տարածութիւն, ուր թէ՛ ներքին տեղաշարժերով, թէ՛ նորեկներու անկառավարելի հոսքերով, փոքր ու մեծ համայնքներ կը ստեղծուին, իսկ որոշ պարագաներու՝ հին համայնքներ կ՛ուռճանան, առանց սակայն աւելցնելու գործող ազգային կառոյցներուն շուրջ հաւաքուածներուն թիւը:
Նոր համայնքներու կազմակերպումը յաճախ աւելի շատ ուշադրութեան կ՛արժանանայ, քան նախկիններու հնարաւորութիւններուն ուսումնասիրումն ու այդ շրջաններու մէջ նորեկ հաստատուածներու համախմբումը: Յատկապէս, հոգեւոր կառոյցները նոր համայնքներ, նոր ծուխեր կազմելու փութաջանութիւն կը յայտնաբերեն, մինչ արդէն աշխատող, գործող, ապրողներու հզօրացումը կրնայ մնալ բարձիթողի վիճակի մէջ:
Ընդհանրացնելը ճիշդ չէ, հաւանաբար, մանաւանդ, երբ աջ ու ձախ կը նկատենք յստակ ճիգեր՝ ազգային կառոյցներու ուժեղացման ուղղութեամբ, ինչպէս օրինակ Պըրպենքը, ուր ահագին զոհողութեան գնով նոր Հայ կեդրոն մը ստեղծելու աշխատանք կը տարուի, համայնքային աշխոյժ հաւաքավայրով մը օժտելու համար շրջանը:
Բայց եւ փաստ է, որ կա՛մ ինքնագոհ մտայնութեան մը տուրք տալով, կա՛մ ալ ստեղծագործական կրակի պակասի բերումով, որոշ համայնքներ, ունենալով հանդերձ իրենց հասողութեան դաշտը ընդարձակելու ներուժը՝ կը զլանան այդ ուղղութեամբ ծրագիրներ մշակելը եւ կը բաւականան իրենց սովորութենական աշխատանքներով, որոնք ոչ միայն նորեկները չեն հրապուրեր, այլ նախկինները կամաց-կամաց կը վանեն, կը հեռացնեն իրենց շուրջէն:
Համայնքներ ղեկավարելը ծանր եւ պահանջկոտ պատասխանատուութիւն է, որուն արժանաւոր ըլլալու գնահատականը միայն արձանագրուած արդիւնքներու հիման վրայ կարելի է տալ: Նաեւ՝ ժամանակ չկորսնցնելու զգացողութեամբ աշխատելու թափով:
Աբօ Պողիկեան