Ստեփանակերտի օդակայանի բացման յայտարարութիւնը ուղղակի քաղաքական իրադրային նշանակութիւն ունի։ Ամէն բանէ առաջ Արցախի անկախ հանրապետութեան յաւելեալ ամրագրումին հիմնովին նպաստող քայլ է։ Իրողականէն անդին անկախութեան իրաւական ճանաչումին ձգտող քայլ է անիկա նաեւ այն առումով, որ իրականացուելիք թռիչքները եթէ սկզբնական շրջանին Երեւան-Ստեփանակերտ են կամ հակառակ ուղղութեամբ, ապա, յայտարարութիւններուն համաձայն նաեւ դէպի արտաքին աշխարհ են յառաջիկային։ Յամենայնդէպս, օդակայանի կառոյցը այնպիսին է, որ միայն մէկ ուղղութեամբ թռիչքներ իրականցնելու համար չէ։
Պաշտօնական Պաքուի հակազդեցութիւնը ջղագրգիռ էր անշուշտ եւ այդ առումով ազրպէյճանական կողմին համար օրինաչափ։ Այնքան մը, որ Ազրպէյճանի քաղաքացիական օդանաւային ընկերութեան վարչութեան պետը սպառնացած էր հարուածել Ստեփանակերտէն թռիչք առնող կամ դէպի Ստեփանակերտ ուղեւորուող օդանաւերը։
Հարցը անշուշտ հրապարակային քննարկումի ենթարկուեցաւ ինչպէս հայկական այնպէս ալ ազրպէյճանական պետական, հասարակական եւ լրատուական շրջանակներուն մէջ։ Առաջին հերթին անհասկնալի էր (եւ ոչ միայն անհասկնալի) Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մէթյու Պրայզայի յայտարարութիւնը, ըստ որուն մինչեւ օդակայանին բացուիլը հարցը պէտք է քննարկուի երկու կողմերուն միջեւ։ Եթէ դրական բաժին որոնենք ըսուածին մէջ, այն պիտի ըլլայ հաւանաբար, որ կողմ ըսելով այս պարագային կը հասկցուի ԼՂՀ, ինչ որ պաշտօնական ճանաչումի մեկնաբանութեան տեղի տուող յայտարարութիւն է պաշտօնական Ուաշինկթընի մէկ ներկայացուցիչին կողմէ։ Անհասկնալին այն է, որ արցախեան ճամբորդատառ օդանաւեր պայթեցնելու ազրպէյճանցի պաշտօնատարին յայտարարութեան դիմաց ըսելիք չունի հակաահաբեկչական պայքարի ռահվիրայ ներկայացող երկրին ներկայացուցիչը։ «Երկու կողմերը պէտք է քննարկեն օդակայանի բացումի խնդիրը»։ Այսքան։
Մինչեւ Պրայզայի սպասուած քննարկումը սակայն, հայկական կողմը բաւական յստակացուց, որ պայթեցման սպառնալիքի տակ գտնուող օդանաւին առաջին ուղեւորը պիտի ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, որ պաշտօնական Պաքուի կեցուածքը որակեց ոչ պետականավայել, այլ միջազգային ահաբեկչական կառոյցներուն յարիր ելոյթ։
Եթէ ընդունինք, որ քաղաքացիական օդանաւային ընկերութեան Պաքուի պաշտօնատարին այս յայտարարութիւնը իր երկրի բարձրաստիճան դէմքերուն ռազմատենչ յայտարարութիւններուն շղթային մաս կազմող մէկ օղակ է պարզապէս, ապա կրկին անգամ հարցադրումը ինքզինք պարտադիր կը դարձնէ։ Ինչո՞ւ չ՛երեւիր միջազգային ընտանիքին դատապարտանքը։ Այստեղ հրադադարի խախտումի դէպքերուն պատասխանատուութիւնը հաւասարեցնելու մասին չէ խօսքը։ Մէկ կողմը օդակայն կը բանայ, միւս կողմը կը սպառնայ պայթեցնել օդանաւերը։ Հաւասարեցումը այս ապարագային Միացեալ նահանգներու դեսպանը կը կատարէ՝ մինչեւ օդակայանի բացումը կողմերը պէտք է համատեղ քննարկեն խնդիրը։
Հաւասարեցումի խաղը այստեղ տեղ չունի զարգանալու։ Մինսքի համանախագահները, ներառեալ ամերիկացի համանախագահը, ամենայն հաւանականութեամբ իրենց հերթական այցելութիւններուն համար պիտի օգտագործեն դէպի Ստեփանակերտ թռիչքներէն մէկը, որուն նկատմամբ սպառնաիլք հրապարակուած է եւ որ չէ դատապարտուած միջազգայնօրէն։ Գոնէ մինչայժմ։
Մէկ հիմնական կէտ եւս պէտք է դիտարկել եւ այս հանգրուանին համար փակել թեման։ Հայկական օդանաւ պայթեցնելու սպառնալիք կատարողը Ազրպէյճանի քաղաքացիական օդանաւային ընկերութեան վարչութեան պետն է եւ ոչ թէ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարը։ Յայտնաբար քաղաքացիական եւ զինուորական ծառայութիւննները միեւնոյն լիազօրութիւններն ու իրաւասութիւնները ունին Ազրպէյճանի մէջ։ Այս մէկը եւս խնամքով անուշադրութեան մատնուած է միջազգային ընտանիքին կողմէ։
Միջնորդ կողմերը իրենց միջեւ պէտք է քննեն ա՛յս խնդիրը։ Մինչեւ Ստեփանակերտի օդակայանի բացումը։
Շահան Գանտահարեան
գլխաւոր խմբագիր