«Նոր Յառաջ»-ը գրում է. «Այս անգամ Ցեղասպանութեան թեմայի բռնկումը ծայր առաւ անսպասելի, ուրիշ անկիւնէ մը՝ կրթութեան ակնիւնէն։ Վերջապէ՛ս. Ցեղասպանութեան օրէնքին՝ Ֆրանսայի Խորհրդարանին կողմէ ընդունուելէն տասներկու տարի վերջ, ան պաշտօնապէս պիտի դասաւանդուի Ֆրանսայի միջնակարգներուն մէջ։ Կրթութիւնը, մշակոյթը, գրականութիւնը,- ահաւասիկ այն կալուածները, որոնք մոռացութեան կը տրուէին խորհրդարանական քաղաքական պայքարին գերակշռութեան պատճառով։ Սակայն ֆրանսական Կրթական նախարարութեան որոշումը Հայ Դատին պաշտպանութեան, ճանաչումին եւ ծանօթացումին լաւագոյն միջոցառումն է։
Այս որոշումը, եթէ անշուշտ կարելի ըլլայ պահպանել, Ֆրանսահայութեան երկրորդ մեծագոյն ձեռքբերումը կարելի է նկատել՝ Ցեղասպանութեան խորհրդարանական ճանաչումէն ետք։ Ձեռքբերում մը, որ եկաւ իբրեւ անսպասելի նուէր, որովհետեւ հայկական կազմակերպութիւններուն քաղաքական պայքարի ցանկին վրայ տեղ չէր գրաւած։
Սակայն, որքան ալ անսպասելի, անկասկած այս կրթական նախաձեռնութիւնը վարագոյրի ետեւ՝ վարողներ ունի, որոնք լռիկ մնջիկ՝ համոզելու, որոշելու, ծրագրելու եւ իրականացնելու աշխատանք տարած են։ Կը շնորհաւորենք բոլոր անոնք, որոնց ջանքերով իրականացաւ Ցեղասպանութեան դասանիւթի պատրաստութիւնը։
Էկէմէն Պաղըշ՝ Թուրքիոյ Եւրոպական գործերու նախարարը, առաջինը եղաւ շատ խստօրէն քննադատելու ֆրանսական Կրթական նախարարութեան որոշումը։ Թուրքերը ապշած վիճակի մէջ են՝ այս անսպասելի նախաձեռնութեան դիմաց, որուն առաջքն առնելու դասական պատժամիջոցներն ու սպառնալիքները անզօր են անկասկած՝ ներկայ պայմաններու մէջ։
Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ անգիտացաւ եղելութիւնը, երբ իրեն հարց տրուեցաւ, թէ համաձա՞յն է նիւթի դասաւանդութեան որոշումին։ Ֆրանսայի կրթական ծրագիրը կը մշակուի կրթական յատուկ յանձնախումբի մը կողմէ, որուն որոշումները կը մշակուին ըստ երկրին օրէնսդրութեան եւ այժմէականութեան, բովանդակութեան նորոգումի պահանջին, հեռու՝ քաղաքական հոսանքներու անմիջական, ուղղակի ճնշումներէն։
Ցեղասպանութեան դասաւանդման ծրագիրը լաւագոյն դեղամիջոցն է՝ թրքական պետական ժխտողականութեան դէմ պայքարելու։ Նոյնիսկ, Ֆրանսայի թրքական համայնքի նորահաս սերունդները դաստիարակելու ուժականութիւնն ունի։ Կրթական համակարգը թրքական պետութեան կողմէ դար մըն է կը գործածուի՝ թուրք ժողովուրդին մանուկ հասակէն խեղաթիւրուած նոր պատմութիւն մը դասաւանդելու համար, դասարաններու գրակալներու դիմաց։ Ահա թէ ուր դրուած են ժխտողականութեան սերմերը։ Այսօր նոյն դաստիարակչական ձեւաչափը պիտի օգտագործուի ֆրանսական միջնակարգներուն մէջ՝ դարուս առաջին ցեղասպանութեան իրադարձութիւններուն մասին պատմական անխարդախ ճշմարտութիւնները բացատրելով Ֆրանսայի մէջ հասակ առած պատանիներուն։