ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Երեքշաբթի՝ տեղական ժամով երեկոյեան ժամը 10:15-ին, ձայներու մեծամասնութեամբ Լոնտոնի հայաշատ թաղամասերէն Իլինգի քաղաքապետարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը։
Բանձեւը քուէարկութեան ներկայացուած էր քաղաքապետարանի կազմին մէջ մեծամասնութիւն կազմող աշխատաւորական կուսակցութեան անդամներուն կողմէ, որոնց շարքին է նաեւ հայազգի պրն Արա Իսքէնդերեան, որ իր կարեւոր դերակատարութիւնը ունեցաւ այս հարցին մէջ։
Քուէարկութեան որպէս դիտորդ ներկայ էին նաեւ գաղութիս Համայնքային եւ Եկեղեցական խորհուրդի նախագահ, պրն Արա Փալամուտեան եւ շրջանիս ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ, ընկ. Սեւան Արթին, որոնց համատեղ ջանքերով կարելի եղաւ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած այս որոշումը իրականացնել։
Այս որոշումով կարելի եղաւ ճշտել նաեւ Եղեռնին նուիրուած, Հայաստանէն բերուած ու արդէն իսկ Իլինգ թաղամասի մէկ հրապարակին մէջ տնկուած Ծիրանի Յուշածառին տակ զետեղուելիք գրութեան բնագիրը:
Նշենք, որ ապրիլ 2009ին վերջին վայրկեանին արգիլուեր էր գրութեան զետեղումը քաղաքապետարանի այդ ժամանակուայ թուրքամէտ պաշտօնեաներու կողմէ։ Ըսենք նաեւ, որ բնագիրին մէջ յստակօրէն յիշուած է «Ցեղասպանութիւն» բառը։
ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբ
Լոնտոն
14 դեկտեմբեր, 2010