Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու, անցեալ Կիրակի Միւնիխէն վերադարձին, «Զաման»-ի թղթակից Ապտուլհամիտ Պիլիճիի հետ ունեցած է զրոյց մը, որուն ընթացքին դրսեւորած է խիստ յատկանշական դիրքորոշում մը:
Թրքական դիւանագիտութիւնը նոր մակարդակի բարձրացուցած այս քաղաքագէտը պէտք է մասնակցէր Միւնիխի միջազգային ապահովութեան հարցերուն նուիրուած խորհրդաժողովի մը՝ իբրեւ զեկուցող, սակայն ան որոշած է «պոյքոթ»ի ենթարկել այն նիստը, որուն մասնակիցներէն մէկը Իսրայէլի ներկայացուցիչն էր:
Տաւութօղլու իր «պոյքոթ»ը հիմնաւորած է ըսելով, որ ինք կը մերժէ ներկայ ըլլալ որեւէ ժողովի, որուն մասնակից կ՛ըլլայ իսրայէլացի պաշտօնատար մը, այնքան ատեն, որ Իսրայէլ կը մերժէ ներողութիւն խնդրել Մայիս 31-ին պաղեստինցիներու մարդասիրական օգնութիւն տանող նաւուն վրայ կատարուած յարձակումին ընթացքին թուրք քաղաքացիներու սպանութեան համար:
Բաւական սկզբունքային այս դիրքորոշումը՝ ճկուն դիւանագէտի համբաւով անձի մը կողմէ՝ իսկապէս ուսանելի է, մանաւանդ մեր դիւանագէտներուն համար, մանաւանդ երբ հարցը կը վերաբերի թուրք պաշտօնատարներ պետական նշանակութեամբ մեր ձեռնարկներուն հրաւիրելուն:
Այդ ձեռնարկներէն մէկը Հայաստանի անկախութեան տարեդարձի տօնակատարութիւնն է, որուն առթիւ, շրջանիս հիւպատոսարանը ահա, քանի տարի է իր կազմակերպած յատուկ հանդիսութիւններուն կը հրաւիրէ նաեւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրացող կառավարութեան ներկայացուցիչը:
Այս կարգավիճակով թուրք դիւանագէտի ներկայութիւնը որեւէ ձեռնարկի մը կը խռովէ իւրաքանչիւր հայու հոգին, կը վիրաւորէ անոր սիրտը: Վստահ ենք, որ հրաւիրողները եւս այնքան ալ հաճոյքով չեն ընդունիր թուրք դիւանագէտին ներկայութիւնը: Ուրեմն՝ ինչո՞ւ հրաւիրել: «Հետեւի՛նք» Տաւութօղլուի քայլերուն:
Չհրաւիրենք թուրք դիւանագէտները մինչեւ որ Թուրքիան ընդունի Ցեղասպանութիւնը եւ ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը: (Այս նիւթը ինծի յուշած է ընթերցող մը)։