«Հրանդ Տինք» հիմնադրամին վերջերս պատրաստած տեղեկագրին համաձայն՝ Հայերը կը շարունակեն մնալ թրքական մամուլի՝ ատելութիւն սերմանող, վիրաւորական հրապարակումներուն գլխաւոր թիրախը:
Հիմնադրամին մասնագէտները, դիտարկելով թրքական մամուլի 17 անուններու մէջ տեղ գտած հրապարակումները, նկատած են, որ վերջին ամիսներուն ազգամիջեան եւ կրօնական ատելութիւն, անհանդուրժողութիւն սերմանող հրապարակումներու թիւը զգալի կերպով մեծցած է թրքական տպագիր մամուլին մէջ:
Այս տարուան միայն առաջին չորս ամիսներուն, խտրականութիւն քարոզող՝ աւելի մեծ թիւով հրապարակումներ լոյս տեսած են թրքական մամուլին մէջ, քան անցեալ տարուան ամբողջ ընթացքին: Արդարեւ, 2012 Յունուարէն Ապրիլ այդ բնոյթի հրապարակումներու թիւը հասած է 115ի:
«Ատելութեան տարրեր պարունակող հրապարակումները ամենէն շատ ուղղուած են Հայերուն, անոնց կը հետեւին քրիստոնեաները ընդհանրապէս, ապա՝ Հրեաներն ու Յոյները», նշուած է տեղեկագրին մէջ: «Սեւ ցուցակ»ի հինգերորդ տեղը կը գրաւեն Ֆրանսացիները: Այս պարագան անմիջականօրէն առընչուած է հայկական խնդիրներուն, քանի որ դիտարկուած ժամանակաշրջանը կը զուգադիպի պատժելիութեան օրէնքին քննարկումներուն:
Ուշագրաւ է, որ թրքական պետութեան դէմ զինեալ պայքար մղող Քիւրտերը, թրքական մամուլին կողմէ շատ աւելի քիչ վիրաւորանքի «կ՚արժանանան», քան օրինակ՝ Հայերը կամ Յոյները: Այսպէս, ըստ «Հրանդ Տինք» հիմնադրամի հրապարակած ցուցակին, Քիւրտերը կը գրաւեն եօթներորդ տեղը: Հիմնադրամի մասնագէտները կ՚ըսեն, թէ բացասական այս հրապարակումները ուղղակի ազդեցութիւն կը գործեն փոքրամասնութիւններու ամէնօրեայ կեանքին վրայ: