Լիբանանեան քաղաքական ճգնաժամը յետին կարգ յղուեցաւ, երբ Թունուզի եւ ապա մանաւանդ Եգիպտոսի ժողովրդային շարժումները խլեցին միջազգային լրատուադաշտի բոլոր լուսարձակները։ Եմէնի եւ Յորդանանի մէջ արձանագրուածներն ալ տակաւ համոզեցին, որ հաղորդակցութեան ներկայ արագակշռոյթ ժամանակներուն արբանեակային եւ համացանցային բազմատեսակ ծառայութիւնները շարժումներ վարակելու, բռնկումներ տարածելու ի՛նչ տեսակի տարողութիւն կրնան ցուցադրել աշխարհին։
Արհեստագիտութիւնը անշուշտ միջոց է այս պարագային եւ միայն անոր կարելի չէ վերագրել այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ այսօր արաբական աշխարհին մէջ։ Կան ի հարկէ ենթակայական պատճառներ՝ երկարատեւ իշխանութիւններու, անարդարութիւններու, ընկերային հասարակարգերու ոչ համաչափ զարգացման երեւոյթներ, թշուառ իրականութիւններ, որոնց գումարումը պարարտ ենթահող կը վիճակէ նման համաժողովրդային պոռթկումներու։
Կայ անշուշտ արտաքին ներշնչումի ազդեցիկ գործօնը, որ կը շարժէ ամբոխը, երբ կայ արդէն պարարտ ենթահողն ու վերը նշուած միջոցառումներու համակարգը։ Արտաքին ներշնչումը սակայն ոչ անպայման կը բխի ընկերային անարդարութիւները սրբագրելու, ժողովրդային պահանջներուն զօրակցելու եւ աւելի արդար հասարակարգեր յառաջացնելու միտումներէն։ Հիմնովին քաղաքականացուած շարժառիթներէ կը մեկնի իւրաքանչիւր գերտէրութեան յայտարարութիւն, որ յաճախ ալ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կոպիտ խախտումներով կը յատկանշուի եւ կը թարգմանուի իրաւամբ ներքին խնդիրներու նկատմամբ արձանագրուած ոտնձգութեամբ։ Նոյն այդ իշխանութիւնները ձեւաւորած, անոնց կայացման համար անհրաժեշտ միջոցները ձեռք առած եւ պետական հովանաւորչութիւն կատարած նոյն գերտէրութիւնն է, որ այս անգամ կը բարձրաձայնէ կտրուկ իշխանափոխութեան անհրաժեշտութեան մասին։
Պետութիւններու եւ ժողովուրդներու նկատմամբ կիրարկուած այս օտար խաղերը կը յանգին հոն, ուր ցոյց-հակացոյց, պաշտօնանկում-զօրակցութիւն պահանջող ամբոխային դրսեւորումները իրար դէմ կը հանեն նոյն ժողովուրդին երկու հատուածները, որոնք զիրար կը հարուածեն, կը վիրաւորեն, կը սպանեն։ Մինչ, պաշտօնավարութիւնը չվերանորոգելու, այսուհանդերձ նաեւ պաշտօնաթող չըլլալու յայտարարութիւնները որեւէ ձեւով չեն հանդարտեցներ բոցավառուած հասարակութիւնը։
Լիբանանեան քաղաքական բեմը անհաղորդ չէ այս արարներուն եւ այս արարներու բեմականացման համար դերակատար եղող ուժերու մարտավարական խաղերուն։ Քաղաքական սպանութիւնները յաճախ վերածուած են միջոցի ամբոխ գոյացնելու։ Ամբոխը տարբեր նշաններով զսպուած է՝ մինչեւ վերջ չյաջողցնելու համար իշխանափոխութիւնը իսկ իշխանութեան գլխին դամոկլեան սուրի պէս ճօճուած է ամբոխ վերագոյացնելու վտանգը։ Գերտէրութիւններու մրցապայքարը ամենաարագ միջոցին կը բեւեռացնէ տեղւոյն քաղաքական դաշտը եւ իրար դէմ կը հանէ միեւնոյն ժողովուրդին երկու հատուածները։
Իրատես ըլլալու համար պէտք է նախատեսել, որ արաբական աշխարհը պիտի շարունակէ կրել այս տուայտանքները, մինչեւ այն ատեն, որ բերրի ենթահող տրամադրած է օտար խաղերու ազդեցութիւններու տարածման քաղաքականութեան։ Օտար խաղերու նորագոյն արարներուն դերակատրութիւն փորձեց ինքնաստանձնել պաշտօնական Անգարան, երբ Եգիպտոսի նախագահէն պահանջեց հրաժարական տալ։ Ամբոխներուն համակրանքը շահելու եւ այժմէն նոր ձեւաւորելի իշխանութիւններուն մօտ ընդունելի դառնալու, արաբական հրապարակին վրայ ներկա՛յ ըսելու ձեւ մըն էր Թուրքիոյ թէ՛ նախագահին եւ թէ՛ վարչապետին հետապնդածը։
Տուայտանքներու մէջ եղող եգիպտական կառավարութեան թերեւս ամէնէն կոշտ պատասխանն էր, որ կը տրուէր պաշտօնական Անգարային՝«Մենք կը ցաւինք, որ Թուրքիան կը խառնուի Եգիպտոսի ներքին գործերուն։ Թող ամէն մարդ իր ներքին գործերով զբաղի» կ՛ըսէր եգիպտական կառավարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը։ Պարզ էր, որ Թուրքիոյ ըսել կ՛ուզուէր, որ ներքին բարդ թղթածրարներով զբաղելու փոխարէն, քաղաքական առաւելներ շահելու առիթներ մի օգտագործեր»։
Գոյութիւնը քաշքշող եգիպտական կառավարութենէն շատ դաս չունին քաղելիք արաբական երկիրները։ Միակը, որ կրնայ ուսանելի ըլլալ անկման շեմին գտնուող այս կառավարութենէն, այն ալ Թուրքիոյ ուղղուած կոշտ պատասխանն է։ Արաբական երկիրները այդ դասը պէտք է իւրացնեն։ Անոնց շարքին նաեւ Լիբանանը։
Շահան Գանտահարեան
«Ազդակ»ի գլխաւոր խմբագիր