Դեկտեմբեր 26ին, ընկերվարական ծերակուտական Ֆիլիփ Քալթընպախ (Հօ-տը-Սէն) եւ Լիւք Գարվունաս (Վալ-տը-Մառն) յայտարարած են, որ 2012 Յունուար 5էն սկսեալ՝ Ծերակոյտին մէջ պիտի ձեռնարկեն ունկնդրութիւններու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը պատժելու վերաբերեալ։
Ունկնդրութիւնները՝ ձախակողմեան ծերակուտականներուն մէջ համախոհութիւն մը ստեղծելու նպատակը պիտի հետապնդեն։
Հինգշաբթի՝ Յունուար 5ին, Պուրպոնեան պալատին մէջ պիտի քննարկուի այս օրինագիծը, որուն վերաբերեալ իրենց պարզաբանումները պիտի բերեն սահմանադրական իրաւունքի մասնագէտներ Անն Լըվատ եւ Պերթրան Մաթիէօ, պատմաբաններ Փիէր Նորա եւ Իվ Թէրնոն, դիւանագէտներ եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ (CCAF-ի փոխ-նախագահները)։
Դեկտեմբեր 27ին ալ, UMP կուսակցութենէն ծերակուտական Ռոժէ Քարուչի յայտնած է, որ Յունուար 10ին մօտ, Ֆրանսայի Ծերակոյտի նահագահներու ժողովը, որ կ՚որոշէ Ծերակոյտին օրակարգը, կրնայ Ցեղասպանութիւններու ուրացումը պատժող օրինագիծը ընդգրկել օրակարգին մէջ։
Եթէ մինչեւ Յունուարի վերջ ան չընդգրկուի օրակարգին մէջ, օրէնքը պիտի չընդունուի, քանի որ Խորհրդարանը Փետրուարի վերջ կամ Մարտի սկիզբէն պիտի դադրեցնէ իր աշխատանքները՝ նախագահական ընտրապայքարին պատճառով։