Հինգշաբթի՝ Դեկտեմբեր 12ին, Փարիզի Էնթէրքոնթինանթալ պանդոկի ընթրիքը, որ կազմակերպուած էր Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կողմէ, կը վայելէր զոյգ հովանաւորութիւնը Արցախի Հանրապետութեան նախագահին եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, մեծարելու համար աշխարհահռչակ երգչուհի՝ Մոնսերաթ Գապալիէն, «Հայաստան-Արցախ, քրիստոնէութեան կղզեակներ» անոր անունով գիրք-ալպոմին լոյս ընծայման առիթով։ Նպատակը Արցախի ի նպաստ քարոզչական ձեռնարկ մըն էր, ուր բեմէն յաճախ կրկնուած է Ազէրպայճանի կողմէ Արցախ այցելողներուն սեւ ցանկի վրայ արձանագրուելու պարագան։ Նկատի առած ձեռնարկին կազմակերպութեան համար ծախսուած գումարները, յայտնի չէ թէ այս ձեռնարկը ո՞րքանով կը ծառայէ իր նպատակին՝ Արցախի դատը պաշտպանելու, նոյնիսկ եթէ Մոնսերաթ Գապալիէի անունով հրապարակ կը հանուի գիրք-ալպոմ մը։
Աշխարհահռչակ երգչուհիին՝ ոչ մեծարանքները, ոչ ալ շքանշանները կը պակսին։ Ան Հայաստանի մէջ արդէն մեծարուած էր ՀՀ նախագահին կողմէ, ինչպէս նաեւ Արցախի հանրապետութեան նախագահին եւ Մայր Աթոռին։ Հինգշաբթի օրուանը կրկնութիւն մըն էր եւ Հայաստանէն ու Ռուսաստանէն դասակարգի մը եսը շոյող ձեռնարկ։ Քարոզչականին յաջողութեան գրաւականը ֆրանսական եւ միջազգային լրատու միջոցներու մէջ երեւոյթին արձագանգը պէտք է ըլլար, ինչ որ այս պարագային կրնանք ըսել որ զերոյական է։
Անշուշտ, բոլորովին անհասկնալի է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ այս հանդիսութեան հովանաւորումը։ Արդեօ՞ք մեծարեալին հաւատացեալ ըլլալը կ՚արդարացնէ, որ Վեհափառը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը թողած, գայ Փարիզի «Էնթէրքոնթինանթալ»ին մէջ աշխարհիկ հանդիսութիւն հովանաւորէ։ Բնականաբար հաւատացեալի մը համար Էջմիածինը իբր սրբավայր աւելի արժանավայել քրիստոնէական վայր մըն է ընդունուելու, քան Փարիզի «Էնթերքոնթինանթալ»ը։
Այս մեծածախս հիւրասիրութեան առթիւ՝ առնուազն քանի մը տասնեակ հազարաւոր եւրօ արժած, երկու հարցականներ կը ծագին։ Առաջինը՝ եթէ Էջմիածին հարուստ է Փարիզի մէջ միջազգային աստղ մը մեծարելու աստիճան, դիմացը՝ Ֆրանսայի թեմը սնանկ է։ Չմոռնանք, որ տնտեսական սնանկութեան պատճառով, Ֆրանսահայ թեմը անցեալ կիսամեակին ապրեցաւ իր մեծագոյն տագնապը, երբ Սթրազպուրկի նորաբաց ծուխը չկարենալով իր հոգեւոր հովիւին Տէր Վաչէին ամսական վարձատրութիւնը ապահովել, քահանան ստիպողութեան տակ գտնուած էր պահակութեամբ իր ապրուստը հոգալու։ Այս նիւթը պատճառ դարձաւ որ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ՝ Նորվան Արք. Զաքարեանը հրապարակային կերպով նախատուի Կաթողիկոսին կողմէ Փարիզի օդակայանի VIP հիւրասրահին մէջ, որմէ ետք Թեմիս առաջնորդը ներկայացուց իր հրաժարականը, ուրկէ ալ ծայր առաւ զգայացունց տագնապներու շարք մը, որոնք տակաւին չեն հասած հանգուցալուծման։
Ի միջի այլոց, պէտք է ըսել որ իւրաքանչիւր հայրապետական այցելութիւն առնուազն քսանէն յիսուն հազար եւրոյի կը նստի Ֆրանսահայ թեմին, -նայած թէ հայրապետական շքախումբը քանի հոգիէ բաղկացած է-, երթուդարձի, շքեղագոյն պանդոկներ իջեւանումի եւ հռչակաւոր ճաշարանի մէջ ճաշի ծախսերով։
Թեմակալ առաջնորդին հրաժարականէն ի վեր, Գարեգին Բ. ոտք չէր կոխած Ֆրանսա։ Եւ ահա, լաւագոյն պատրուակը՝ հովանաւորել Մոնսերաթ Գապալիէն, Ֆրանսայի մէջ հեղինակութիւն վերագտնելու համար։
Եւ անկախ կաթողիկոսական հաշիւներէն, պէտք է գիտակցիլ որ Ֆրանսայի մէջ հայութիւնը լումա առ լումա դրամ կը հաւաքէ Արցախի ու Հայաստանի մէջ ռազմավարական ճամբաներ կառուցանելու, համայնքային կեդրոններ շինելու, դպրոցներ վերանորոգելու համար։ Իսկ դիմացը Հայաստանի դեսպանատունը, Արցախի հանրապետութիւնը եւ Մայր Աթոռը Փարիզի մէջ հարիւր հազարաւոր եւրօ կը ծախսեն ի սէր մեծարանքներու։
Կայ նաեւ խորհրդածութեան վերջին կէտ մը. ո՞րքանով ֆրանսահայութիւնը առընչուած է այս եւ նման հանդիսութիւններու կազմակերպութեան։ Այո, Հայաստան ինքնիշխան պետութիւն է, ինքնիր ներքին կեանքը կը կազմակերպէ ինչպէս որ կ՚ուզէ։ Սակայն, երկրէն դուրս, երբ Ֆրանսայի նման մեծ գաղութի մը նեցուկը կը վայելէ, բնական է, որ գաղութային կազմակերպութիւնները մասնակից դառնան զանազան միջոցառումներ կազմակերպելու գործընթացին։ Եւ տեղական լրատու միջոցներն ալ տեղեակ պահուին հանդիսութեան կազմակերպութենէն եւ հրաւիրուին՝ գաղութը կարենալ իրազեկելու համար իրադարձութիւններու մասին։
Կեցցէ՛ Հայաստան – Արցախ – Սփիւռք երրեակին գործակցութիւնը։
Ժ.Չ.