Ապրիլի 24-ին, Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով Ցյուրիխի Տիւպէնտօրֆ գիւղաքաղաքի Հռովմէական Ս.Մարիամ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հայածէս Ս. Պատարագ իսկ Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօն Հայոց Ցեղասպանութեան 96.ամեակի անմեղ զոհերի յիշատակին:
Զատկական Սուրբ Պատարագը մատոյց Զուիցերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ և Ժնևի Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ նորանշանակ Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեանը, առընթերակայ ունենալով Ցյուրիխի Հոգևոր Հովիւ Տ. Շնորհք Քահանայ Չէքիճեանը իսկ Ս. Սեղանին սպասարկեցին ուրարակիր դպիրներ ու դպիրներ:
Տաղաւարի սոյն Պատարագին ներկայ էին Ցյուրիխի ու Նէօշաթէլի Եկեղեցական Խորհուրդի անդամները գլխաւորութեամբ Ատենապետեր Տիարք Վռամշապուհ Թերզիեանի ու Ալէն Ուկնատի: Այս տարուան Զատկական Ս. Պատարագը աննախընթաց էր իր աւելի քան երկու հարիւր հայ հաւատացեալներու ներկայութեամբ, որոնք պիտի ծանօթանային ու Բարի Գալուստ մաղթէին Զուիցերիոյ Թեմի իրենց նորանշանակ Առաջնորդական Տեղապահ Հայր Սուրբին յանձին Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեանի:
Սուրբ Պատարագի աւարտին Հայր Սուրբը ներկաներուն փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութիւնն ու Ս. Յարութեան Տօնի պատգամը որմէ յետոյ կատարուեցաւ նաև Հոգեհանգստեան յատուկ կարգ ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն:
Հայոց Ցեղասպանութեան 96. տարելիցի ոգեկոչման արարողութեան առթիւ ուղերձով մը հանդէս եկաւ նաև՞ Զուիցերիա-Հայաստան Ընկերակցութեան Խորհուրդի անդամներէն Պրն. Անտրէաս Տրայզիպնըրը ով արձագանգ եղաւ Զուիցերիոյ ժողովուրդի Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ դրսևորեց դիւրազգացութեանը ու կիսեց հայ ժողովուրդի վիշտն ու ցաւը:
Ս. Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ տիկնանց յանձնախումբին կողմէ խնամքով պատրաստուած էր Զատկական հիւրասիրութիւն` «Սիրոյ Սեղան», որու ընթացքին Հոգշ. Հայր Սուրբին ցուցադրուած մտերմիկ ու ջերմ ընդունելութիւնը այդպիսի մթնոլորտ մը կը պարզէր որ կարծէք նորանշանակ Հայր Սուրբը երկար ժամանակէ ի վեր արդէն բոլորին ծանօթ էր և կը գտնուէր իր հարազատ յարկին մէջ:
Տիրոջ Հրաշափառ Ս. Յարութեան Տօնը Ցյուրիխի մէջ իր ետին ահաւասիկ այսպիսի անմոռանալի օր մը կը թողուր:
Ցյուրիխի Եկեղեցական Ծուխ







































