ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն, հաստատապէս, դիւրին առաքելութիւն մը չէ վստահուած: Խեղճ միջնորդները պիտի փորձեն երկու անյողդողդ կողմեր քով քովի բերել ու համոզել, որ փոխադարձ զիջումներ կատարելով՝ լուծումի մը յանգեցնեն քսան տարիէ ի վեր շրջանը տագնապալի վիճակի մէջ պահող ղարաբաղեան հարցը:
Իրենց վստահուած այս բարդ առաքելութիւնը գլուխ հանելու ջանադրութեամբ, համանախագահները յաճախ կ՛առնեն քայլեր, որոնք զուտ ձեւական են, որոնք կը միտին ուղղակի անկողմնակալութեան պատկերացում մը ցոլացնելու յաչս՝ նախ հակամարտողներու, ապա եւ միջազգային հանրութեան ու իրենց իսկ ղեկավարներուն:
Այս ձեւական քայլերը, սակայն, սկսած են անհեթեթ դառնալու. անոնք ոչ մէկ ձեւով միջնորդներու հեղինակութիւնը բարձրացնելու կարեւոր խնդիրին կը նպաստեն:
Համանախագահներու անցեալ քանի մը յայտարարութիւնները, որոնց մէջ ատրպեճանական ուժերու հրադադարը խախտող նախաձեռնութիւնները, ազերի դիպուկահարներու մահացու կրակոցները բոլորովին անտեսելով, ընդհանուր, երբեմն նոյնսիկ հեգնականօրէն հայկական կողմը մեղադրող յորդորներով՝ արդէն իսկ անկողմնակալութեան շղարշը խիստ թափանցիկ դարձուցած էին: Հայկական կողմին հանդէպ արհամարհական քայլ մըն էր նաեւ համանախագահներու այցելութիւնը՝ սահմանի վրայ անյայտ պայմաններու տակ սպաննուած իննամեայ ազերի երեխային ընտանիքին: Այս քայլով, իբրեւ թէ ազերիական մեղադրանքը քննող համանախագահները, ուղղակի ամբաստանագիր է որ կը ներկայացնեն հայկական կողմին, որ հրապարակաւ հերքած էր այդ մահուան կապակցութեամբ որեւէ պատասխանատուութիւն ունենալը:
Այս վերջին այցելութենէն ետք հրապարակուած յայտարարութիւնը աւելի հեռուն կ՛երթայ իր ատրպեճանամէտութեամբ, երբ Ստեփանակերտի օդակայանը բանալու հարցին վերաբերեալ զգուշաւորութեան ու զգուշացման խորհուրդներով կը դիմէ «երկու կողմերուն», աւելի շատ խօսքը ուղղելով Արցախի ղեկավարութեան, զորս կ՛ուզէ համոզել, որ օդակայանի բացումը քաղաքական ոչ մէկ շահ կրնայ ապահովել Ղարաբաղին:
Օդակայանը բանալու ծրագիրէն ձեռք քաշելու յորդոր, վստահ ենք, համանախագահները ուղղակիօրէն տուած են թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի ղեկավարներուն հետ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին: Համանախագահները իրենց կողմնակալ խորհուրդներուն հրապարակային պատասխանը արդէն իսկ ստացան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանէն, որ իր յարգելի հիւրերը ճամբելուն յաջորդ օրն իսկ, այցելեց շինարարութեան վերջին փուլերը թեւակոխած Ստեփանակերտի օդակայանը, ու յաչս աշխարհին յայտնի դարձուց, որ միջազգային բոլոր չափանիշներով կառուցուող օդակայանը՝ ի վերջոյ պիտի բացուի:
Համանախագահներու այս վերջին յայտարարութիւնը կրնար բանակցութիւններու հիմնարար սկզ-բունքներուն շուրջ երկու կողմերուն համաձայնութեան հրատապութիւնը շեշտել, կրնար երկու կողմերուն փոխադարձ զիջումներ կատարելու յորդորներ ուղղել, այդքանով ալ կրնար անկողմնակալ մնալ, սակայն, երբ իր անհաւասար արարքներով ու խօսքերով միայն ու միայն ատրպեճանական կողմի յերիւրանքներուն ու ամբաստանութիւններուն տուրք կու տայ, ապա միայն իր հեղինակութիւնը նսեմացնելու, ինքզինք վարկաբեկելու նպաստած կ՛ըլլայ, ինչ որ իսկապէս կը վնասէ այս հակամարտութեան խաղաղ լուծման ջանքերուն:
Աբօ Պողիկեան