Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ա. Տաւութօղլու, Փետրուար 12ին Փարիզ ժամանած էր մասնակցելու համար Լիպիոյ մէջ ապահովութեան եւ արդարութեան հարցերուն նուիրուած միջազգային ժողովի մը: Ան առանձին տեսակցութիւններ ունեցած է ֆրանսացի եւ անգլիացի իր պաշտօնակիցներուն՝ Լ. Ֆապիիւսի եւ Ու. Հէկի հետ:
«Նոր Յառաջ»-ը կըգրէ, որ ինչպէս նախապէս յայտարարւած էր, Ֆապիիւս եւ Տաւութօղլու այլ հարցերու կարգին, խօսած են յատկապէս Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան խնդիրներուն մասին:
Տեսակցութենէն ետք, Ֆապիիւս ըսած է. “Բոլոր գործօնները, ի շարս որոնց տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային, կը նպաստեն երկկողմ յարաբերութիւններու աշխուժացման”: Աւելցուցած է նաեւ որ նոր բանակցութիւններ պիտի սկսին Եւրոպական Միութեան՝ Թուրքիոյ անդամակցութեան մասին: Իսկ թուրք նախարարը, բաւական գոհ, յայտարարած է. “Ֆրանսական իշխանութիւնները պաշտօնապէս յայտարարեցին իրենց ուղղութեան փոփոխութեան մասին, ի նպաստ՝ Թուրքիոյ անդամակցութեան»: Այս վերջին զարգացումները եւ Տաւութօղլուի վերոնըշեալ խօսքերը բնականաբար մեծ խանդավառութիւն ստեղծած են Թուրքիոյ մէջ: Թուրք մամուլն ալ լայն տեղ կը յատկացնէր նիւթին: