«Նոր Յառաջ»-ը կըգրէ. « Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդը (CCAF) Փետրուար 13 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը դատապարտէ Լօռան Ֆապիիւսի դրական ազդանշանը Թուրքիոյ ուղղութեամբ, ցաւ կը յայտնէ ի տես Ֆրանսայի համաձայնութեան՝ այդ երկրին Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գծով նոր էջ մը բանալու մասին: Կ՚ըսուի թէ այս զարգացումը աւելի մտահոգիչ կը դառնայ մանաւա՛նդ եթէ նկատի առնուի որ այդ երկիրը ազատութիւններու բռնաբարման ծանր շրջան մը կը բոլորէ. լրագրողներ եւ փաստաբաններ կը ձերբակալուին, Փընար Սէլէք կը դատապարտուի ցկեանս բանտարկութեան, ֆրանսահպատակ թուրք ուսանողիին դէմ 21 տարի բանտարկութիւն կը պահանջուի…: Այնքան ծանրակշիռ իրավիճակ մըն է որ, կ՚ըսէ CCAF, Եւրոպայի Խորհուրդի ընդհ. քարտուղար Թորպորն Եագլանտ Փետրուար 6ին Թուրքիա իր այցելութեան ընթացքին ստիպուեցաւ խիստ դատապարտումներ կատարելու այդ երկրին մէջ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներուն նկատմամբ:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի նաեւ թէ ֆրանսական կառավարութեան վրդովեցուցիչ այս քայլը կը կատարուի նաեւ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու դէմ ցեղապաշտութեան եւ բռնութիւններու զուգադիպող շրջանի մը, կը յիշուի Պոլսոյ մէջ՝ Հայ տարեց կիներու դէմ յարձակումները, հակաքիւրտ ճնշումը, Փարիզի մէջ քիւրտ երեք կիներու սպանութիւնը, որուն ետին ցոյց կը տրուի թրքական պետութիւնը:
«Լօռան Ֆապիիւսի այս յայտարարութիւնը գրգռութիւն մըն է ինքնին եւ քաջալերանք մը՝ ԱՔՓ վարչակարգին խայտառակութիւններուն: Դիւանագիտութեան լիրբ ընկալում մը կ՚արտայայտէ, բոլորովին կը հակասէ Ընկերվարական կուսակցութեան եւ Հանրապետութեան նախագահին յանձնառութիւններուն, ինչ կը վերաբերի Թիւրքիոյ՝ Եւրոպա մուտք գործելու պայմաններուն» կ՚եզրափակէ CCAF»: