Ինչպէս կը տեղեկացնէ lradou.com-ը՝ Սուրիոյ ընդդիմութեան աղբիւրները կը յայտնեն, թէ Դամասկոսի մէջ սաստիկ բախումներ տեղի կ’ունենան Մայրաքաղաք Դամասկոսի տարբեր փողոցներուն մէջ:
Նոյն աղբիւրները կը յայտնեն , թէ վարչակարգային ուժերը կը ռմբակոծեն Դամասկոսի «Ալ Թատամոն» թաղամասը: Աւարտին նշենք որ Սուրիոյ «Ազատ Բանակ»ը ամբողջութեամբ տիրապետած է Դամասկոսի «Հաժար Ասուատ» թաղամասին վրայ:







































