«Նոր Յառաջ»-ը գրում է. «Փարիզի օդակայաններու ընկերութիւնը՝ ADP-ն, երեք ու կէս ամիս առաջ կարեւոր պայմանագիր մը կնքած էր օդակայաններու թրքական ընկերութեան՝ TAV-ին հետ, որու 38%ը գնած էր՝ վճարելով 874 միլիոն տոլար: Ատիկա ADP-ի կատարած ամենէն կարեւոր ներդրումն էր իր պատմութեան մէջ:
Այսօր ADP-ն խաբուածի զգացում կրնայ ունենալ, քանի Թուրքիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց Պոլսոյ մէջ նոր օդակայան մը կառուցելու իր մտադրութիւնը: Ատիկա կը նշանակէ, թէ ֆրանսական ներդրումը պիտի չարդարացնէ ինքզինք, երբ նկատի ունենանք նոր ծրագրին յաւակնութիւնները: Արդարեւ, ըստ Թուրքիոյ Փոխադրամիջոցներու նախարար Պինալի Եըլտըրըմի՝ Օգոստոսի կէսերուն ըրած յայտարարութեան՝ Պոլսոյ մէջ 2015-ին օգտագործելի երրորդ օդակայանի մը շինութեան համար պիտի յայտարարուի մրցում մը: Այդ օդակայանը պիտի ունենայ տարեկան 90 միլիոն ճամբորդի կարողականութիւն, որ կարելի պիտի ըլլայ բարձրացնել մինչեւ 150 միլիոն: Աշխարհի ամենէն վիթխարի օդակայաններէն մէկը պիտի ըլլայ ան: Պիտի արժէ շուրջ 10 միլիառ տոլար: Այդ ծրագրով հետապնդուած գլխաւոր նպատակը պիտի ըլլայ՝ բեռը թեթեւցնել Պոլսոյ «Աթաթիւրք» օդակայանին, որ բոլորովին ծանրաբեռնուած կը նկատուի»: