«Մարմարա»-ն գրում է. «Երկու ամսուան ընթացքին երկրորդ անգամն ըլլալով թրքական արբանեակային հեռատեսիլի կայան մը դիմեց Արամ Ա. կաթողիկոսին՝ հարցազրոյց մը ունենալու անոր հետ: Հարցազրոյցը պիտի տեւէր երկու ժամ, պիտի քննարկէր «միջազգային հարցերու շարքին նաեւ հայկական հարցը» եւ պիտի թարգմանուէր հինգ լեզուներու: Հարցազրոյցը պիտի վարէր թուրք հանրածանօթ թղթակից եւ մտաւորական Ատնան Օքթար:
Օրին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի մամլոյ ու տեղեկատուական գրասենեակը մերժած էր ընթացք տալ յիշեալ առաջարկին՝ ըսելով՝ այնքա՛ն ատեն, որ Թուրքիան չէ ճանչցած Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում չէ կատարած հայ ժողովուրդին, Արամ Ա. կաթողիկոս կը մերժէ նման առաջարկ մը:
Երկրորդ խնդրանքին մէջ կ՛ըսուի թէ՝ «ասիկա բարեկամական առաջարկ» մըն է եւ թէ «Աստուած կ՛ուզէ, որ մեր ժողովուրդներուն միջեւ հաշտութիւն ըլլայ»: Եւ աւելին, նոյն դիմումնագիրին մէջ վեհափառը կը հրաւիրուի Պոլիս, ուր «ան ինքզինք աւելի քան հանգիստ ու ապահով պիտի զգայ»: Ապա կոչ կ՛ուղղուի վեհափառին՝ «դրական քայլ մը առնելով տիպար օրինակ դառնալու»: Նամակը կը փակուի հետեւեալ բառերով. «Մեզի համար պատիւ է Արամ Ա. կաթողիկոսը ունենալ Պոլսոյ մէջ»:
Պոլիսէն Անթիլիաս եկած յիշեալ նամակը մնաց անպատասխան…: Ցեղասպան նո՛յն թուրքն է, որ տարբեր դիմակներով կը ներկայանայ մեր ժողովուրդին ու միջազգային համայնքին»: