«Մարմարա»-ն գրում է.
«Թրքական «Անատոլու» գործակալութենէն հաղորդուած լուրի մը համաձայն, Թուրքիոյ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Վագըֆներու խորհուրդը որոշած է չորս կալուածներ եւս վերադարձնել փոքրամասնական հաստատութիւններու. անոնցմէ մէկը Գատըգիւղի հայկական գերեզմանատունն է, որուն համար դիմում կատարուած էր Գատըգիւղի թաղային խորհուրդին ու Արամեան վարժարանին կողմէ:
Այս առիթով դիտել տրուեցաւ, որ Վագըֆներու խորհուրդը կը շարունակէ կարգով քննել փոքրամասնական հիմնարկներու կողմէ կատարուած դիմումները: Ցարդ կալուած ետ պահանջելու դիմում կատարած են 35 փոքրամասնական հիմնարկներ, որոնք կը պահանջեն 153 անշարժ կալուածներու վերադարձը։
Անցեալ շաբաթ, Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցէն հաղորդուեցաւ, որ սկսած է գործադրուելու նախապէս հիւանդանոցին պատկանող տարածքի մը վերադարձի որոշումը: Պիտի վերադարձուի հիւանդանոցի բռնագրաւուած հողատարածքին փոքրիկ մէկ մասը, որուն ապահովաբար պիտի յաջորդէ մնացեալ հողամասը։
Հիւանդանոցէն գրաւուած հողամասը 48,490 մեթր քառակուսի տարածք ունի։ Այս հողամասը 1974ին գրաւուած էր՝ իբրեւ անտէր հողամաս, եւ յանձնուած էր Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան։
Երկու-երեք ամիս առաջ Զէյթինպուռնուի քաղաքապետութիւնը 50 հազար լիրա վճարելով Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան՝ գնած է այս հողամասին 10 տոկոսը։ Այս կերպով, Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան ձեռքը մնացեր է այս հողամասէն 4632 մեթր քառակուսի բաժին մը եւ որոշած է զայն վերադարձնել բուն տիրոջ՝ Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցին։
Գալով մնացեալ հողատարածքին, որ ամբողջութեան 90 տոկոսն է՝ գործընթացը պիտի շարունակուի եւ հիւանդանոցը պիտի աշխատի, որ այդ ընդարձակ հողամասն ալ վերադարձուի:
Նշուեցաւ, թէ Ֆաթիհի մէջ 1576 մեթր քառակուսի քարաշէն շէնք մը եւս վերադարձուած է հիւանդանոցին։ Վերադարձուած են նաեւ Գոց Շուկայի մէջ 17.5 մեթր քառակուսի փոքրիկ սենեակ մը եւ «Սելամեթ խան»-ը»։