Անդին, ընկերվարական թեկնածուն՝ Հոլանտ ալ, նախորդ օր՝ Մարտ 10ին, Փարիզի մէջ, Անդրծովեան Ֆրանսայի նուիրուած հանրահաւաք մը կազմակերպած էր: Անոր ալ ելոյթին առանցքը կազմեց Ֆրանսայի Սահմանադրութենէն «ցեղ» բառի ջնջումը: Ցաւ յայտնելով ի տես Ֆրանսայի մէջ գոյութիւն ունեցող խտրութիւններուն՝ Հոլանտ ըսաւ. «Հանրապետութեան մէջ տեղ չունի «ցեղը»:
Ահաւասիկ, այդ պատճառով իսկ՝ նախագահական ընտրութիւններու վաղորդայնին պիտի պահանջեմ որ Ֆրանսայի Սահմանադրութենէն ջնջուի «ցեղ» բառը», որ կը գտնուի առաջին յօդուածին մէջ իսկ: