Թուրքիա երէկ միջազգային քաղաքական աշխարհի ուշադրութիւնը կրկին իր վրայ հրաւիրեց երկու այցելութիւններու հետեւանքով, որոնք կը զուգադիպէին իրարու։ Մինչ Հանրապետութեան Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Եէմէն կ’երթար կարեւոր անձնաւորութիւններէ բաղկացեալ պատուիրակութեան մը նախագահելով, Վարչապետ Էրտողանն ալ կ’այցելէր Քուէյթ, ուր, Արաբ աշխարհէն պարգեւներ կը ստանար ու ատոր փոխարէն կրակ կը ժայթքէր Իսրայէլի դէմ։
Չենք գիտեր թէ Թուրքիոյ ու Եէմէնի միջեւ երթեւեկի թափը ինչ է, բայց երկու երկիրներու միջեւ վիզայի դրութիւնը պիտի ջնջուի, Միջին Արեւելքէ ու Արաբ աշխարհէ ներս նոր երկիր մըն ալ պիտի աւելնայ Թուրքիոյ հետ վիզայի դրութիւնը ջնջող երկիրներու ցանկին վրայ։ Այս մէկը մաս կը կազմէ երէկ Նախագահ Կիւլի այցելութեան ընթացքին Եէմէնի հետ ստորագրուած հինգ համաձայնութիւններուն։
Համաձայնագիրներու ստորագրութեան ներկայ գտնուեցան Նախագահ Կիւլ, Եէմէնի Նախագահ Ալի Ապտուլլահ Սալէհ, Փոխ Վարչապետ Պիւլէնտ Արընչ, Արտաքին Նախարար Ահմէտ Տավուտօղլու, Պաշտպանութեան Նախարար Վէճտի Կէօնիւլ, Առողջապահութեան Նախարար Րէճէպ Աքտաղ։
Երբ Նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Եէմէն կ’այցելէր, Վարչապետ Էրտողանն ալ ելոյթներ ունեցաւ Քուէյթի մէջ, ուր Քուէյթի »Շէյխ Ֆահատ Էլ-Ահմէտ Միջազգային Բարեգործութեան Կազմակերպութեան« կողմէ իրեն յանձնուեցաւ »Իսլամ աշխարհի պատուաբեր անձնաւորութիւն« կոչուած մրցանակը։ Վարչապետ Էրտողան սիրոյ ու յարգանքի անօրինակ վերաբերում գտաւ Քուէյթի մէջ ու ատկէ քաջալերուած, կրկին շատ բուռն ճառախօսութիւն մը ըրաւ Իսրայէլի դէմ։ Արդէն մրցանակատուչութեան հանդէսի ընթացքին կը ցուցադրուէր ժապաւէն մը ուր Էրտողան ցոյց կը տրուէր որպէս Տաւովի հերոսը։
Էրտողան դիտել տուաւ որ ամբողջ աշխարհ կրնայ լռել Իսրայէլի կոպտութիւններուն ու անմարդկային յարձակումներուն դիմաց, ամբողջ աշխարհ Թուրքիոյ կրնայ յանձնարարել որ այս բոլորը չտեսնել, չիմանալ ձեւացնէ ու ձայն չհանէ, բայց Թուրքիա չի կրնար չտեսնել ու չիմանալ ձեւացնել, Թուրքիա չի կրնար չխօսիլ։
»Կազզէի մէջ երախաները սպաննուին, ձայն մի հաներ, Կազզէի շրջափակումը կը շարունակուի, դուն չտեսնել ձեւացուր, Միջերկրականի մէջ ծովահէնութիւն կ’ընեն, մարդոց օգնութեան եկող նաւերուն վրայ կը յարձակին, ինը հոգի կը սպաննեն, դուն ասիկա մի իմանար։ Երուսաղէմի վրայ ծրագիրներ կը մշակուին, դուն չլսել ձեւացուր։ Անտարբեր կեցիր Պաղտատի նկատմամբ, կարեւորութիւն մի տար Գապիլին, Տարֆուրին համար մի տառապիր։ »Տեսէք, ամբողջ աշխարհ չտեսնել կը ձեւացնէ, դուք ալ այդպէս ըրէք« կ’ըսեն մեզի։ Բայց այսպիսի բան մը կարելի՞ է։ Դուն իմ Պաղեստինցի եղբայրներս պիտի սպաննես, ես ձայն պիտի չհանե՞մ«, ըսաւ Էրտողան տակաւին նմանօրինակ ուրիշ բուռն քննադատութիւններու կարգին։
Վարչապետին կ’ընկերանային Պետական Նախարար Զաֆէր Չաղլաեան, Ելմտական Նախարար Մէհմէտ Շիմշէք, Ուժանիւթի Նախարար Թանէր Եըլտըզ, ուրիշ վարչայիններ, Վարչապետին կինն ու դուստրը։ Էրտողան գոհունակութիւն յայտնեց այսպիսի մրցանակի մը իրեն յանձնուելուն պատճառաւ։
Էրտողան անգամ մը եւս մերժեց »Իսլամ ահաբեկչութիւն« բացատրութիւնը, որուն փարած է Արեւմտեան աշխարհը։ Ըսաւ որ իսլամ ու ահաբեկչութիւն բառերը իրարու չեն կրնար կապուիլ։
Անդրադառնալով Միջին Արեւելեան երկիրներու հետ Թուրքիոյ կողմէ կնքուած համաձայնութիւններուն, Էրտողան ըսաւ որ ասոնք արդէն ուշացած բնական զարգացումներ են։ Եթէ Եւրոպայի մէջ 27 երկիրներ իրենց միջեւ առանց վիզայի հանգիստ երթեւեկ ստեղծած են, մենք ինչո՞ւ նոյնը չընենք մեր միջեւ, ըսաւ Էրտողան։ Էրտողան Քուէյթի մէջ ալ կրկնեց իրեն սիրելի այն վարկածը թէ ինք մարդիկը կը սիրէ ոչ թէ Քուէյթցի կամ Արաբ ըլլալուն համար, այլ անոր համար որ անոնք ալ ստեղծուած են զինքը ստեղծող Ալլահին կողմէ։
Թուրք լրատու գործակալութիւնները կը նշեն որ Էրտողան շատ սիրուած է Քուէյթի մէջ ու ան կը ծանօթացուի որպէս մէկը որ խօսքը գործքի փոխակերպած է։
Հանդիսութեան ընթացքին Էրտողանի հագուեցուցին Արաբական տարազներ ու սուր մըն ալ նուիրեցին անոր։