Երեսփոխաններ Ռիշար Մալիէ, Քրիսթիան Էսթրոզի, Փաթրիս Գալմէժան, Ժընըվիեւ Լեւի, Միւրիէլ Մարլան Միլիթէլլօ, Ժոզէթ Փոնս, Էրիք Ռաուլթ, Ֆրանսուա Ռոշըպլուան, Ժան-Մարք Ռուպօ, Ժան-Փիէր Շոսթէք, Տանիէլ Սփանիու եւ Ֆիլիփ Վիթէլ՝ հաղորդագրութեամբ մը ցաւ կը յայտնեն ի տես Սահմանադրական Խորհուրդի այն որոշումին, որ ցեղասպանութիւններու ժխտումի պատժելիութիւնը նախատեսող օրէնքը անվաւեր կը հռչակէ:
Կ՚ըսուի թէ, նկատի ունենալով այդ որոշումը, Ռ. Մալիէ եւ ութ երեսփոխաններ Ազգային Ժողովին ներկայացուցած են բանաձեւի նոր առաջարկ մը, որ կը հետապնդէ նոյն՝ իրողութիւնը հաստատուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը պատժելու նպատակը:
Հոս եւս կատարուելէ ետք այն յիշեցումը, թէ հակառակ անոր որ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ալ ճանաչում գտած է ֆրանսական օրէնսդրութեան կողմէ, ներկայիս միայն հրէական Շօային ժխտումը յանցանք կը նկատուի, հաղորդագրութիւնը կ՚եզրափակուի հետեւեալ ձեւով. «Քանի որ իւրաքանչիւր Ֆրանսացի պէտք է նկատառման եւ յարգանքի արժանանայ՝ անհրաժեշտ եւ օրինական է, որ Ազգային Ժողովը ցեղապաշտութեան եւ ցեղասպանութիւններու իրողութեան ժխտումի դէմ պայքարելու իր կամքը անգամ մը եւս հաստատէ»:
«Նոր Յառաջ»