Փարիզում լույս տեսնող «Նոր Յառաջ» օրաթերթն իր այսօրվա համարում տեղեկացնում է.
Ահմէտ Քարատաղ այնթապցի (թրքական ներկայի անուանումով՝ Կազիանթէփ) թուրք գործարար մըն է: Ան որոշած է դատ բանալ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահին եւ թրքահայ չորս հիմնարկներու դէմ՝ 1915ին իր մեծ-հօր ոսկիներու գողութեան եւ Հայերու կողմէ Թուրքերու կիրարկուած չարչարանքներուն համար:
Իր փաստաբանը՝ Տէրիա Չիչէք հաւաստած է, թէ առաջին ակնարկով նախաձեռնութիւնը անկարեւոր կրնայ թուիլ, բայց շատեր կը հետեւին դատական ընթացքին՝ տեսնելու համար թէ ի՛նչ արդիւնքի պիտի յանգի: “Եթէ շահինք, ուրիշներ ալ պիտի քաջալերուին եւ նոյնը պիտի ընեն” ըսած է փաստաբան Տ. Չիչէք:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, թէ Քարատաղ 15.000 եւրօ վնասուց հատուցում կը պահանջէ Նիքոլա Սարքոզիէն՝ ֆրանսական պետութենէն եւ թրքահայ չորս հիմնարկներէ, որոնց կեդրոնը կը գտնուի Պոլիս: Ենթական վճռած է այս քայլին դիմել՝ ցեղասպանութիւններու ժխտումի պատժելիութեան օրէնքին քուէարկումէն ետք:
Քարատաղ կը պնդէ, որ իր մեծ-հայրը՝ Մուսթաֆա, 1915ին սպաննուած է Ֆրանսացիներու կողմէ եւ գրաւուած է անոր 3,5 թոն ոսկին:
Զուգահեռաբար, Քարատաղ այլ դատ մըն ալ բացած է հայ հրոսակներու եւ ֆրանսացի զինուորներու կողմէ 1919-1920ին Թուրքերուն կիրարկուած չարչարանքներուն համար: Կ՚արժէ նշել, որ իր դատի տուած թրքահայ հաստատութիւններէն է Պոլսոյ Գարակէօզեան որբանոցը, որու գլխաւոր առաքելութիւնը եղած է անցեալին… իր երդիքին տակ ընդունիլ ջարդերէն ճողոպրած հայ որբերը…