«Լը Մոնտ» օրաթերթի Դեկտեմբեր 31ի թիւին մէջ վերոնշեալ խորագրով լոյս տեսած է Փաթրիք Տէվէճեանի հակազդեցութիւն-պատասխանը՝ պատմաբան Փիէր Նորային: Այս վերջինը, նոյն թերթին Դեկտեմբեր 28ի թիւին մէջ ժխտողականութեան պատժելիութեան օրէնքին դէմ յօդուած մը ստորագրած է՝ «Յիշողութեան օրէնքներ. վերջ տալու համար՝ բացառաբար ֆրանսական այս մարզաձեւին» խորագրով:
Տէվէճեան նախ դիտել կու տայ, թէ Նորայի գրութեան նոյնիսկ խորագիրը սխալ է եւ թէ կարելի չէ «բացառաբար ֆրանսական մարզաձեւ» եզրը գործածել այս պարագային, քանի որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունուած է աւելի քան երեսուն պետութեան կողմէ. ապա կ՚անցնի պատմաբանին այն եզրակացութեան, ըստ որու՝ «Շոայի պարագային Ֆրանսայի պատասխանատւութիւնը խնդրոյ առարկայ էր, մինչ Հայոց պարագային Ֆրանսան յանցաւոր չէ»:
Այս մասին Տէվէճեան կ՚ըսէ, որ նախ այդ պիտի նշանակէր, թէ Ֆրանսա կրնայ դատապարտել միայն այն ոճիրները, որոնց մէջ ինք պատասխանատւութեան բաժին ունի: Ապա կը յիշեցնէ, որ Ա. Աշխարհամարտին Ֆրանսա եւ Թուրքիա հակամարտութեան մէջ էին, եւ կ՚աւելցնէ, թէ Հայերու բնաջնջումին գլխաւոր պատրուակն էր՝ այս վերջիններուն ֆրանսասիրութիւնը:
Կը յիշեցնէ, որ Ֆրանսա եւ իր դաշնակիցները 1915 Մայիս 24ին Թուրքիոյ պաշտօնապէս տեղեկացուցին, որ պատերազմի աւարտին պիտի դատուին մարդկութեան դէմ ոճիրներու հեղինակները: Այս յանձնառութիւնը չգործադրուեցաւ, կ՚ըսէ Տէվէճեան: «1916ին, հետեւելով Սայք-Փիքօ համաձայնագրին, Ֆրանսա կը գրաւէ արեւելեան Թուրքիոյ մէկ մասը, հոն կ՚ընդունի փախուստի դիմած հայ բնակչութիւնները, կը կազմէ նոյնիսկ անոնցմէ կազմուած բանակ մը, ապա կը հաւաքէ իր զօրքերը ու կը լքէ այդ գաղթականները իրենց ճակատագրին»,- կը գրէ Տէվէճեան:
Կը յիշէ նաեւ Ֆրանսայի կողմէ ստորագրուած Սեւրի համաձայնագիրը, որ կը նախատեսէր անկախ Հայաստանի մը ստեղծումն ու մարդկութեան դէմ ոճիրներու հեղինակներու դատապարտումը, որ երբեք չգործադրուեցաւ, ինչպէս նաեւ 1923ին ստորագրուած՝ Լօզանի համաձայնագիրը, ըստ որուն՝ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները պէտք է վայելէին Դաշնակիցներու պաշտպանութիւնը, որ, սակայն, նոյնպէս երբեք տեղի չունեցաւ:
Ապա կ՚ակնարկէ Փ. Նորայի այն կարծիքին, ըստ որուն՝ օրէնքին քուէարկութիւնը միայն կը ծառայէ թրքական ազգայնականութեան հրահրումին եւ անցեալի ճանաչման ուղղուած քայլերու կասեցման. Տէվէճեան կ՚ըսէ, թէ «ուրեմն պէտք է ենթարկուի՞նք թրքական ազգայնականութեան, նաեւ երբ ան ի գործ կը դրուի իր քաղաքացիներուն մէկ մասին կողմէ ֆրանսական հողին վրայ իսկ»: «Պէ՞տք է եզրակացնեմ, որ գրեթէ հարիւր տարուան սպասումէ ետք, դեռ հարկ է սպասել»,- հարց կու տայ ան:
Կը պատասխանէ նաեւ Նորայի՝ Հայոց ուղղուած այն դիտողութեան, որ կը վերաբերի պատմաբաններու յանձնախումբ մը կազմելու գաղափարին մերժման, որ ըստ պատմաբանին՝ կը յենի յատկապէս «իրենց (իմա՝ Հայոց – «ՆՅ») փաստերու հաւաստութեան»: Տէվէճեան կ՚ըսէ, թէ այդ մերժումի խօսքը հաւանաբար Հայաստանի կառավարութեան մերժման մասին է, ու կ՚աւելցնէ՝ «Ծագումով հայ Ֆրանսացիները իրենց իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը Հայաստանի՞ կառավարութենէն պէտք է ակնկալեն»:
Կ՚աւելցնէ նաեւ, թէ Հայերը եթէ այդպէս ինքնավստահ են իրենց փաստերու հաւաստութենէն, անոր համար է, որ անոնք հիմնուած են անհամար վկայութիւններու, սերունդէ սերունդ փոխանցուած տուեալներու, հազարաւոր փաստաթուղթերու վրայ, որոնք պատերազմի տարիներուն հաստատուած են օտար երկիրներու կողմէ, նաեւ Ցեղասպանութեան՝ Գերմանիոյ կողմէ ճանաչման վրայ՝ երկիր, որ Թուրքիոյ դաշնակիցն էր:
Վերջաւորութեան, Տէվէճեան կ՚եզրափէ՝ ըսելով, թէ «քանի որ Նորա պատմաբաններու ազատութեան համար պայքարող մըն է, կ՚ուզեմ յիշեցնել թուրք պատմաբան Թ. Աքչամի պարագան, որ կը հալածուի իր երկրին կառավարութեան կողմէ, անյայտ մնացած թրքական փաստաթուղթերու հիման վրայ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գիրք մը գրած ըլլալուն պատճառով»:
«Նոր Յառաջ»