Արցախի մէջ երեք տօն կը նշուի այս օրերուն. Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի յաղթանակին տօնը, Արցախի անպարտելի բանակի օրը եւ Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձը:
Երկրորդ աշխարհամարտի աւարտը, եթէ տարբեր ըլլար, շատ հաւանաբար երկիր մոլորակին վիճակը աղիտալի պիտի ըլլար, եւ ինչպէս ընդհանրապէս նման պարագաներու կը պատահի, հայութեան բաժինը այդ աղէտէն բաւական մեծ կրնար ըլլալ: Ուրեմն, առանց որեւէ վերապահութեան, մենք ալ կը միանանք ֆաշիզմի դէմ տարուած յաղթանակի տօնակատարութիւններուն:
Արցախի բանակին օրը նշելով՝ մենք մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք ամէն օր հայկական հողը պաշտպանելու սրբազան գործին նուիրուած հայ զինուորներուն, որոնք ամէն վայրկեան իրենց կեանքը վտանգի մէջ կը դնեն: Արցախի բանակը մենք կը նկատենք հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանում եւ իր տօնը կը նկատենք համայն հայկական բանակի փառաւորման առիթ:
Շուշիի ազատագրութիւնը, դառնալով կորուսեալ հողերու վերադարձի խորհրդանիշ՝ համայն հայութեան ազգային իղձերու ու երազի մարմնացումը կը նկատենք:
19-րդ անգամ տօնելով Շուշիի ազատագրութեան տարեդարձը՝ չենք կրնար, հերթական անգամ չանդրադառնալ, որ հայկական այդ ոստանի ներկայ՝ տակաւին տխուր վիճակը, վկայութիւնն է այն իրողութեան, որ մենք, ազգովին, մանրուքներով կը զբաղինք, որ մեր խօսքն ու գործը երբեք իրար չեն համապատասխաներ, որ մեր բարձրակոչ լօզունգները՝ ազատագրուած տարածքներուն տիրութիւն ընելու, զանոնք շէնցելու եւ անոնց հայկականութիւնը մեր շունչով ու կեանքով երաշխաւորելու ընթացքին, երբեք չեն կրնար կենսագործուիլ:
Տօնենք Շուշիի ազատագրումը՝ փորձելով թօթափել մեր վրայէն անհեռանկար աշխատելու սովորութիւնը: