Արշակ Դաւիթեանը Հալեպահայերի ֆեյսբուքյան էջում կը գրէ.
Թէև մեր խելացութեան մասին գլուխ գովելով ման կու գանք, երբէք չենք փայլած իմաստութեամբ: Հենց որ մի քիչ մեր կենցաղային վիճակը լաւանայ, կը մոռնանք բոլոր սպառնալիքներու մասին ու միայն կը դժգոհինք որ ա՛լ աւելին չունինք… իսկ եթէ տագնապալի վիճակը անմիջապես մեր ընտանիքին ու շրջապատին չի վերաբերիր՝ պարզապես թքած ունինք…
Ի՞նչ կը կարծես, ամերիկահայուն կամ միջին հայաստանցիին կը հետաքրքրէ՞ թէ Հալէպի հայութիւնը ինչ վիճակի մէջ է, կամ եթէ այդ գաղութը վերանայ՝ սփիւռքի վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն կ՛ունենայ, կամ Միջին Արևելքի հայկական գաղութներու վերացմամբ ՀՀ քաղաքականութիւնը և արտաքին յարաբերութիւնները ինչքա՞ն կը թուլանան…
Ոչ մէկին ալ պէտքը չէ նման թնճուկներով գլուխ ցաւցնել: Միթէ աւելի հաճելի չէ՞ պարահանդէսներու մասին խօսիլ, ճաշկերոյթներ համեմատել…
Օրինակի համար՝ Համահայկական հիմնադրամը կը մեռնէ՞ր եթէ հաւաքուած գումարը ամբողջութեամբ, կամ գոնէ կէսը, այս տարի յատկացնէր Հալէպահայութեանը: Ըսենք հիմնադրամը չի մտածեց այդ մասին, բա Հայաստանի և Արցախի ժողովուրդը, նպաստառուները, չէի՞ն կրնար ըսել, որ մեր դժուար պահուն Սփիւռքը իր բերնէն կտրեց մեզի օգնելու համար, թո՛ղ որ այս տարի ալ մեր ծրագրերը յետաձգենք գաղութ մը փրկելու համար…
Ի հարկէ ո՛չ: Մի՛շտ դէպի մեզ, մի՛շտ դէպի մեզ… «մի քիչ էլ քեզ» չի կայ…
Հայաստանէն ղրկուած մի քանի օդանաւ օգնութիւնը ես բանի մը տեղ չեմ դներ: Եղածը կաթիլ մըն է և շօշափելի արդիւնք մը չի կրնար տալ սովորական Հալէպահայուն, բացի այն որ միամիտներուն քիչ մը հոգեպէս կ՛ամրապնդէ թէ իբրև հայրենիք մը ունինք մեր թիկունքին կանգնած…
Լուրջ չէ…