Վահէ Աւետեանը առաջին անձը չէ, որ կը մահանայ մեծահարուստ, օլիկարխի թիկնապահներու ծեծով։ 2001ին, Քոչարեանի թիկնապահ՝ Աղամալ Յարութիւնեան ալ նոյնպէս սպաննած էր ջաւախահայ լրագրող Պօղոս Պօղոսեանը, «Առագաստ» ճաշարանէն ելքին (Բաբլաւոկ) երբ ան մօտեցած էր Քոչարեանի նախագահական խմբակին, որուն մէջ կը գտնուէր Շառլ Ազնաւուր եւ որու հետ ուզած էր խօսիլ։
Դեռ նախանցեալ տարի էր, երբ Երեւանի քաղաքապետը Բեգլարեան, ծեծած էր նախագահին արարողակարգի պաշտօնեան, Օփերայի սրահին մէջ, վերջինիս կնոջը տեղը փոխելու հրաւիրած ըլլալուն համար։ Եւ սակայն նոյն անձը, յետ ընտրութիւններու, այսօր կառավարութեան մէջ կը ստանայ նախարարի պաշտօն։
Ուրիշ դէպք մը եւս որ լայն տարածում գտած էր, «Մարիոթ» հիւրանոցին մէջ՝ Սիւնիքի մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանի, ծանօթ՝ «Լիսկա» անունով, ծեծի ենթարկելն էր գործարար Սիլվա Համբարձումեանը:
Ծեծի բնագաւառը ընդարձակ է, գործածութիւնը շատ տարածուած, դպրոցներուն մէջ՝ տէր Թոդիկեան վերաբերումը, ընտանիքներէն ներս կիներու հանդէպ բռնարարքները՝ ամուսիններու եւ զոքանչներու կողմէ, ինչպէս 20ամեայ Զարուհի Պետրոսեանի պարագան, որ մահացաւ իր ամուսնէն ստացած ծեծի հարուածներէն։
«Հայ օգնութեան ֆոնտ» հանրային կազմակերպութիւնը որոշ աշխատանք կը տանի ընտանեկան յարկէն ներս պաշտպանելու համար մանուկները ծնողական բրտութիւններէն, ինչպէս նաեւ՝ իգական սեռը՝ արականէն։ Հաւանաբար ուրիշ կազմակերպութիւններ ալ կան, որոնք կը գործեն այս մարզէն ներս, որոնցմէ տեղեակ չենք։
Բանակը եւս, զերծ չէ մնացած կարգ մը սպաներու, բարձրաստիճան զինուորականներու՝ նորակոչիկներու հանդէպ անմարդկային, անարժանապատիւ, նուաստացուցիչ վերաբերումէն։ Ծեծի եւ ստորացումի տեսարաններ ատեն մը Youtube-ի վրայ մեծ տարածում գտած էին։
Հայաստանը միակ երկիրը չէ, ուր ծեծի տարածուն մշակոյթ մը արմատացած է։ Սակայն ուրիշ երկիրներու մէջ անոր գոյութիւնը պատճառ չէ, որ անոր դէմ պայքարելու միջոցներ չառնուին։ Ամէն պարագայի, ծեծին գործած աւերները մեծ են։ Եւ ծեծէն աւելի հարկ է նաեւ անոր ծնունդ տուող պայմաններուն դէմ պայքարիլ, որոնք շատ են եւ ընդհանրացած: Թշուառութիւն, ընկերային անհաւասարութիւններ, թերի օրինապահ համակարգ, գաղափարական սնանկութիւն, դրամի եւ դիրքի շահագործում, յոխորտանքի, անպարտութեան, անպատժելիութեան զգացում։
Վահէ Աւետեանի սպանութիւնը ահազանգի պէս հնչեց։ Անսպասելիօրէն, կուտակուած անարդարութիւնները, անհանդուրժելի վարկաբեկումները, արժանապատւութեան ոտնակոխումները՝ ժողովրդական ընդվզումի ու պոռթկումի առիթ տուին։ Կտրականապէս բան մը պէտք է փոխուի։ Արդէն վերին խաւին հանդէպ ժողովուրդին վստահութիւնը շատ ցած մակարդակի է. նման դէպքեր, որոնք հանրային կեանքի ներքին հակասութիւններու արդիւնք են, կ՚ապակայունացնեն երկրին խղճուկ անդորրը։
Ժ. Չ.