«Նոր Յառաջ»-ը գրում է. «Պաթմանի համալսարանէն գիտական արշաւախումբ մը՝ գլխաւորութեամբ դոկտ. Մեհմէտ Էմին Շէնի, Թուրքիոյ հինգ շրջաններուն մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարած է եւ յայտնաբերած՝ հայկական եւ ասորական եկեղեցիներու, մենաստաններու, ամրոցներու, աղբիւրներու եւ պատմական այլ շինութիւններու 350 մնացորդներ:
Ինչպէս յաճախ, շրջակայ գիւղերու բնակիչները՝ այդ պատմական կառոյցներուն քարերը օգտագործած են իրենց տուներուն ու գոմերուն շինութեան մէջ:
Երկու հնագէտներէ, երկու պատմաբաններէ եւ լուսանկարիչէ մը բաղկացած խումբին աշխատանքները տեւած են շուրջ վեց ամիս: Խումբին անդամները ապշած են՝ տեսնելով, օրինակ, Սասունի շրջանի Գուրգէնլի գիւղի Թաշփընարի ամրոցի աւերակներէն վերցուած խաչքարի մը օգտագործումը՝ յարակից տուներէն մէկուն շինութեան մէջ: Նոյնքան ապշեցուցած է զիրենք՝ նոյն գիւղի ախոռներէն մէկուն պատը կառուցելու համար հայերէն տառեր պարունակող քարերու օգտագործումը:
Սասունի Հայերու միութեան ղեկավար Ազիզ Տաղճը, ողջունելով այս նախաձեռնութիւնը, ըսած է, թէ հետազօտութիւններով յայտնաբերուած փաստերը ցոյց կու տան, թէ Հայերը որքա՛ն նպաստ բերած են շրջանի պատմութեան: Տաղճը նաեւ այն համոզումը յայտնած է, թէ նման աշխատանքներու կազմակերպումով կը սահմանափակուին հայկական գանձեր որոնելու նպատակով բնակչութեան կողմէ իրագործուող վայրենի եւ աղէտաբեր պեղումները»: