Փետրուար 11ին «Չորրորդ Իշխանութիւն» թերթին մէջ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի՝ “Խոհեր «Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի համահայկական հռչակագրի» հրապարակման առիթով” գրութիւնը ունեցաւ բազմաթիւ թեր ու դէմ արձագանգներ։ Անոր հարցադրումները տեղին էին, սակայն, ահա մի քանի օր ետք ինք եւս հանդէս եկաւ նոր յանձնախումբ կազմելու եւ նոր հռչակագիր մը շարադրելու առաջարկով (տե՛ս. էջ 4), ուր կը նշէ նաեւ այդ յանձնախումբին մաս կազմելիք շարք մը անձնաւորութիւններու անունները, որոնք ինք անձնապէս կը ճանչնայ եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին կ՚առաջարկէ որ ան ալ իր կարգին իր մասնակիցները որոշէ…
Լ. Տէր-Պետրոսեանի այս առաջարկը մէկ բան կը փաստէ, որ Հռչակագրի հրապարակումը շատ յատկանշական քայլ մըն է, որուն մշակումին ինք պիտի ուզէր մասնակցած ըլլալ։ Սակայն ափսո՜ս որ այս առաջարկը կը կատարէ շատ ուշ, երբ արդէն, ինչպէս կ՚ըսեն՝ «գործը գործէն անցած է» եւ Հռչակագիրը ծնունդ առած է, զանազան լեզուներու թարգմանուած ու սփռուած աշխարհով մէկ։ Ծիծաղելի պիտի ըլլար 100ամեակին երկու ամիս մնացած նախաձեռնել երկրորդ տարբերակի մը, որուն կազմակերպութիւնն ու արդիւնքը կը մնան բոլորովին անորոշ եւ ինքնին առաջարկը կը հակասէ նախկին նախագահին առաջին գրութեան հիմնական այն դրոյթին, թէ՝ ներկայացուցչական ի՞նչ հանգամանք պիտի ունենայ նոր կազմուելիք այս յանձնախումբը…
Ընդդիմադիր ճակատի ամբողջական բացակայութիւնը 100ամեակի յանձնախումբի աշխատանքներէն՝ ազգային ախտաւոր այլ երեւոյթի մը ցուցանիշն է, որուն մեղքի բաժինն ունին նախ ընդդիմութիւնը, ապա իշխանութիւնն ու Սփիւռքի կազմակերպութիւնները։ Այո, քաղաքական մշակոյթի մեծ պակաս է, նուազագոյնը պիտի ըլլար կարենալ գործակցիլ համազգային կարեւորութիւն ունեցող հարցի մը շուրջ։ Եւ ա՛յս է որ Լ. Տէր-Պետրոսեան կ՚ուզէ լրացնել, բայց ափսո՜ս շատ ուշ։
Պարզ է, որ հրապարակուած Հռչակագրին մղիչ ուժը եղած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին Սիսի կաթողիկոսութեան կալուածները պահանջելու նախաձեռնութիւնը եւ վերջին տասնամեակին Հայ Դատի զանազան յայնձնախումբերու հարցադրումներուն հիման վրայ տարուած աշխատանքները՝ մասնաւորապէս Սփիւռքի մէջ։ Այո՛, այս քայլերը էապէս կը հակասեն Արձանագրութիւններու ոգիին։
Հարցը այն է, որ Հռչակագիրը թոյլ է ու պակասաւոր, ո՛չ թէ անոր համար որ համազգային միասնական կամքի արտայայտութիւնը չէ, այլ՝ որովհետեւ Հայաստանի իշխանութիւնը քաղաքականապէս, տնտեսապէս եւ հոգեպէս թոյլ է, անկարող՝ ոեւէ մէկէն բան պահանջելու, զուրկ՝ միջազգային ասպարէզին մէջ ինքզինքը պարտադրելու կարողութենէ։ Եւ այս երեւոյթին փաստը այն էր, որ Հռչակագրի հրապարակումէն երեք շաբաթ ետք դեռ Արձանագրութիւնները ետ չէին քաշուած Խորհրդարանէն։ Եթէ չպատահէին Ծառուկեանի առընչուած դէպքերը, կրնային բնաւ ետ չքաշուիլ ալ։ Մնաց որ, նախագահին ստորագրութիւնը պահպանուած կը մնայ անոնց տակ։
Հռչակագիրը անկարեւոր դարձաւ յատկապէս նախագահին վերջին յայտարարութիւններէն ետք։ Հռչակագրին խորհուրդին հաւատացած ղեկավար մը չէր կրնար ներքին քաղաքական այդքա՛ն մեծ տագնապ ստեղծել։
Պարզ է, որ ներկայ հանգրուանին Հայաստանի Հանրապետութիւնը ոչ մէկ պահու հատուցումի կամ պահանջատիրական առաջարկ պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ։ Հայաստան անկարող է որեւէ բան պահանջելու Թուրքիայէն, որովհետեւ դեռ անկարող է իր ժողովուրդը բնական պայմաններու մէջ կառավարելու։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Հռչակագրին վերջին երեք կէտերուն, որոնք կը ներկայացնեն «Հայաստան տունն է համայն հայութեան…» գլիշէ դարձած խօսքերը, հարցական է, թէ այս պահուս ո՞վ կը հաւատայ անոնց, երբ իշխանութիւնը անկարող է ժողովուրդը երկրին մէջ պահելու։
Հռչակագիրը ունի նաեւ բացթողումներ. օրինակ՝ Ցեղասպանութեան զոհ՝ թաքնուած Հայերու պարագան, որոնք իրաւազրկուած են, ազատօրէն խօսելու, կրօնական, ընտանեկան եւ ազգային ինքնութիւն արտայայտելու կարելիութենէ զուրկ։ Երկրորդը, Թուրքիոյ տարածքին հայկական մշակութային արժէքներու պահպանումի հարցն է… Կայ նաեւ պատմական այլ երեւոյթ մը, որ կը վերաբերի խորհրդային կարգերուն, որոնց պատճառով Հայկական Հանրապետութիւնը 70 տարի իրաւունք չունեցաւ միջազգային ատեաններու մէջ Հայկական Հարցը բարձրացնելու ու նեցուկ հանդիսանալու Սփիւռքի Հայութեան պայքարին։
Ինչ, որ կը պակսի Հռչակագրին, Մեծ Եղեռնէն մեկնած համամարդկային արժէքներու առաջադրման պակասն է, ինչպէս Լ. Տէր-Պետրոսեան ալ կը նշէ, սակայն թուղթի վրայ գրաւոր փայլուն շարադրանքը չէ, որ Հռչակագրի մը ուժ կու տայ, այլ՝ այն հաւատքը եւ կարողութիւնը, զորս պետութիւնը եւ հաւաքականութիւնը ունին գործադրելու, խօսքը գործի վերածելու։ Յատկութիւն մը, որ անկախ Հայաստանի երեք նախագահներուն ալ պակսած է ցարդ։