Ֆրանսահայ Նոր Յառաջ կը հաղորդէ, որ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր մը պիտի հաստատուի Սեւրի մէջ` Մխիթարեան Միաբանութեան պատկանող Սամուէլ Մուրատ վարժարանի շէնքերուն մէջ։ Ծրագիրը, որ կ՚իրագործուի Սեւր 2015 ընկերակցութեան կողմէ, պիտի պարփակէ թանգարան մը, հետազօտական եւ դասախօսական կեդրոն մը։
«Ցեղասպանութեան կեդրոնական հարցէն անդին, որ հայերու Ֆրանսա հաստատուելուն ծննդեան վկայագիրն իսկ է, մեր ծրագրի նպատակն է Մայր քաղաքին մէջ հիմնարկացնել հայկական ներկայութիւնը եւ փորձառութիւնը»,- բացատրեց Ժիրայր Կէրկէրեան` Սեւր 2015 ընկերակցութեան նախագահը։ «Էապէս, քաղաքացիական ծրագիր մըն է, ուժականութեան տէր, գիտական, դէպի ապագան յարող, որ պարզ թանգարանային եւ յուշագրային շրջափակէն անդին կ՚անցնի»։
Յուշահամալիրին շուրջ, որ ծրագրին կեդրոնական տարրը կը հանդիսանայ, հետազօտական կեդրոնը պիտի քննարկէ եւ արտադրէ Ցեղասպանութիւններու եւ Մարդկութեան դէմ ոճիրներու մասին ուսումնասիրութիւններ եւ միաժամանակ պիտի իրագործէ այլ երեւոյթներու քննարկումներ, ինչպէս` քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային, նիւթեր որոնք առընչուած են Ֆրանսահայերու հարիւրամեայ գոյութեան ու անոնց քաղաքացիական յանձնառութեան։
Ծրագրին սկիզբ պիտի տրուի անկախ հիմնադրամի մը հաստատումով, որ պիտի օգտուի եկամուտէն Միաբանութեան անշարժ գոյքերուն, որոնք իտէալական դիրք ունին, տեղակայուած՝ Փարիզի մօտ եւ շրջապատուած հայահոծ համայնքներով։ Համալիրին բացումը նախատեսուած է 2015-ին` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին։
«Դաշնագիրը, որ 1920-ին այստեղ՝ Սեւրի մէջ ստորագրուած էր, իր մէջ կը պարունակէր խոստումի բոլոր սերմերը, որոնք տակաւին չեն պտղաբերած։ Մխիթարեան հայրերու երեք դարու մտաւորական եւ կրթական աշխատանքը շարունակելով եւ անոր տալով քաղաքացիական աննախադէպ ուղղութիւն մը, մեր կամապաշտ ծրագիրը նոր հայեացքով մը պիտի հարստացնէ Ֆրանսայի ուժը հանդիսացող տիեզերականութիւնը, որուն մենք խորապէս կառչած կը մնանք»,- եզրակացուց Սեւր 2015-ի նախագահը։
Սեւրի յուշահամալիրի ծրագիրը հիմնուած է ազգային մեծածաւալ զօրակցութեան վրայ։ Նպատակադրած է ըլլալ թափանցիկ եւ նիւթապէս ինքնաբաւ: