Թուրք նախարարը Ֆրանսայի մայրաքաղաքը ոտք կոխելէ անմիջապէս ետք, ընդունուած էր ֆրանսացի իր պաշտօնակցին՝ Լօռան Ֆապիիւսի կողմէ: Այդ հանդիպումէն ետք կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին երբ լրագրողներ հարցուցած են թէ «նոր կառավարութիւնը արդեօք պիտի նախաձեռնէ՞ Ցեղասպանութեան ժխտումը պատժող նոր օրէնքի մը պատրաստութեան», Ֆապիիւս պատասխանած է, որ այս հարցը շատ նուրբ հարց մըն է ֆրանսացի քաղաքագէտներուն համար, թէ նախապէս պատրաստուած օրէնքը մերժուեցաւ Սահմանադրական Խորհուրդին կողմէ: «Ակնյայտ է, որ դարձեալ կը մերժուինք, եթէ մենք ալ նոյն ճամբուն հետեւինք, յստակ է թէ մենք չենք կրնար ընթանալ նոյն ճամբէն», ըսած է ան: Այս խօսքերէն ետք՝ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, թէ իր երկիրը կ՛ուզէ աւելի յառաջ տանիլ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները, քանի որ ան Թուրքիան կը նկատէ «անկայուն հողատարածքի մը վրայ կայուն դեր կատարող կարեւոր դերակատար ու դաշնակից մը»:
Իսկ Տաւութօղլու ըսած է, որ Լօռան Ֆապիիւս շատ կարեւոր քաղաքագէտ մըն է եւ պատիւ զգացած է անոր հետ տեսակցելէ: «Մենք հոս ենք՝ նոր շրջան մը բանալու համար», ըսած է ան: «Ծանօթ է, թէ որոշ տարակարծութիւններ ունինք, բայց զանոնք պիտի լուծենք ո՛չ թէ ներքին քաղաքականութեան մտահոգութիւններով, այլ հասարակաց տեսիլքի մը լոյսին տակ», նշած է թուրք նախարարը: Տաւութօղլու ըսած է նաեւ, որ Թուրքիոյ նախագահ Կիւլ ուրախ պիտի ըլլայ հիւրասիրելով Ֆրանսայի նախագահ Հոլանտը:
Ապա, Տաւութօղլու թրքական ճարպիկ ճարտասանութեան նոր նմոյշ մը հրամցուցած է, ըսելով՝ «Թուրքիոյ մէջ 1915ը ուրացող նախարար չկայ. բայց մենք Գերմանացիներուն չենք նմանիր, որովհետեւ ցեղային մաքրագործում չկատարեցինք»: Ան կրկին ցաւ յայտնած է, որ երկու երկիրներու միջեւ ստորագրուած արձանագրութիւնները կեանքի չկոչուեցան:
Այս յայտարարութիւններէն ստացուած տպաւորութիւնը այն էր, որ Ֆրանսա՝ Թուրքիան սիրաշահելու համար իր դիրքորոշումը կը փոխէ ի շարս այլ ցեղասպանութիւններու՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ալ ժխտումը պատժող նոր օրինագիծի մը որդեգրման նկատմամբ, մինչ թեկնածու Հոլանտի խոստումներուն մաս կազմած էր ան: Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդը՝ CCAF, Յուլիս 5 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը անմիջապէս դատապարտեց այս կեցուածքը, յայտնեց Հայոց վրդովումը եւ ըսաւ թէ անոնք դաւաճանուած կը զգան:
Մինչ հայկական շրջանակներու մէջ յուսախաբութեան եւ ցասումի մթնոլորտը սկսած էր հետզհետէ տարածուիլ, Յուլիս 7 թուակիր նոր հաղորդագրութեամբ մը CCAF կը յայտնէր, թէ նոյն օրը՝ առաւօտեան, նախագահ Հոլանտ հեռաձայնած էր CCAF-ի համանախագահ Մուրատ Փափազեանին, փարատելու՝ շշուկներն ու տարակարծութիւնները եւ հաւաստելու համար, թէ ինք ետին կը կանգնի իր կատարած խոստումին, թէ միտքը չէ փոխած: Ըսած է նաեւ, թէ Յուլիս ամսուան վերջաւորութեան պիտի ընդունի CCAF-ի պատուիրակութիւն մը, քննարկելու համար հարցը:
Ֆրանսական լրատու գործակալութիւնը AFP եւս կը հաւաստէր այս լուրը՝ գրելով թէ Հանրապետութեան նախագահը պիտի յարգէ իր խոստումը:
Ինչ կը վերաբերի գործնականին, AFP կը գրէ, թէ Էլիզէ յայտարարած է, թէ Սահմանադրական Խորհուրդին մերժումէն ետք՝ խորհրդակցութիւններ կը կատարուին այդ ուղղութեամբ:
Ինչպէս կ՚երեւի, Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ Քէ տ՚Օրսէ եւ նախագահութիւնը՝ Էլիզէ, տարբեր լարերէ կը նուագեն: Սակայն, առայժմ կարելի չէ ըսել, թէ այդ տարակարծութիւնը երեւութակա՞ն է, Անգարան շփոթեցնելու նպատակը հետապնդող դիւանագիտական խա՞ղ մըն է, թէ ան իսկապէս առկայ է Հանրապետութեան նախագահին եւ Արտաքին Գործոց նախարարին միջեւ…: Թերեւս ալ… բոլորովին այլ բացատրութիւն պահուըտած է անոր ետին: