Saturday, 20 04 2024
Ալիեւը մեկնում է Մոսկվա. դրա՞ համար էր Տոկաեւը եկել Երեւան
Վահագն Հովակիմյանն ու ՄԻՊ-ը կգնան Ազգային ժողով. «Հրապարակ»
Նիկոլ Փաշինյանի հերթական նվերը Ադրբեջանին. «Հրապարակ»
Մինչեւ Տավուշի հողերի հանձնման հարցն էր լուծվում, Փաշինյանը բեմականացում էր վայելում. «Հրապարակ»
Թաթուլ Ասիլյանի տան վրա արձակված կրակոցի գործը օդից է կախված․ միակ կասկածյալի խափանման միջոցը փոխվել է. «Ժողովուրդ»
Որոնվող տղամարդը հայտնաբերվել է «Նահատակ» կոչվող հանդամասում
00:45
Տղամարդն ինքնահրկիզվել է Նյու Յորքի դատարանի շենքի մոտ` Թրամփի գործով լսումների ժամանակ
Մայրաքաղաքում բացօթյա առևտուրն արգելվում է
ՀՀ և Ադրբեջանի պայմանավորվածությունների կյանքի կոչումը կբերի խաղաղություն նաև ողջ տարածաշրջանում. պատգամավոր Գրիգորյան
00:12
«Սահմանազատման գործընթացի վերաբերյալ հուսադրող լուրեր կան»․ Կլաար
Գավառում մոր կողմից երեխային բռնության ենթարկելու գործը նախաքննության փուլում է
Մայիսի 1-ից ուժի մեջ է մտնում ՃԵԿ խախտման Էլեկտրոնային ծանուցումը նախընտրելու դեպքում 20 տոկոս նվազ բոնուսը
Զառի դպրոցը «հազարապետ» Փաշինյանին հրավիրել է՝ դիտելու «Պապ թագավոր» ներկայացումը
«Սիրո սեղան». AMAA-ի «Հայասա» թատերախումբը փայլեց նորովի
Տավուշից ոչ մի միլիմետր չի հանձնվում. Լիլիթ Մինասյան
Ստեփանծմինդա-Լարս ավտոճանապարհը փակ է բոլոր տեսակի տրանսպորտային միջոցների համար
Երևանը պնդում է՝ Մինսկի խումբ գոյություն ունի
Ռուսաստանի հեռանալով Երևանն ու Բաքուն կարողանում են պայմանավորվել
Մի՛ դարձրեք հնարավորությունը մամլիչ
Ավանակով գնացել է Կապան՝ գնումներ կատարելու և չի վերադարձել
Մահացել է ԵԱՀԿ ՄԽ ՌԴ առաջին համանախագահ Վլադիմիր Կազիմիրովը
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետն ընդունել է Միջազգային քրեական դատարանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենո Օկամպոյին
Իրանն աջակցում է ՀՀ տարածքային ամբողջականությանը և դեմ է միջազգային սահմանների որևէ փոփոխման․ ԻԻՀ դեսպան
Ռուս-ադրբեջանական «մաքուր էջի» աշխարհաքաղաքական սեւագիր կա՞
Ես ճիշտ էի, Փաշինյանին սատարող քաղաքացիական հասարակությունը սխալ
«Գարդման-Շիրվան-Նախիջևան»-ը ողջունում է «Մեծ յոթնյակի»՝ Ադրբեջանին և Հայաստանին ուղղված հայտարարությունը
Հայկազ Նասիբյանը նշանակվել է էկոնոմիկայի նախարարության գլխավոր քարտուղար
Գետնի վրա կվերարտադրվեն ԽՍՀՄ փլուզման պահին իրավաբանորեն հիմնավորված միջհանրապետական սահմանները․Եղոյան
Բաքուն փորձում է փաստերի խեղաթյուրմամբ հարցականի տակ դնել հայկական բազմադարյա ներկայությունը. ԼՂՓԻ միություն
Հայաստանի և Ադրբեջանի միջև սահմանազատման ողջ գործընթացում հիմնվելու են Ալմա-Աթայի հռչակագրի վրա․ Խանդանյան

Աշխարհի «Մեծ Իրադարձութեանց» լոյսին տակ. «Արաբական Գարո՞ւն», թէ՞… դժոխք. Ազդակ

Աւելի քան մէկ ու կէս տարի անցած է այն օրէն` 2010-ի դեկտեմբերէն, երբ Թունուզի մէջ «մանր դէպք» մը պատճառ դարձաւ ըմբոստութեան շարժումի մը, որ մօտաւորապէս ամիս մը ետք ո՛չ միայն իշխանութենէ հեռացուց ու երկրէն վանեց նախագահ Զէյն Ապիտին Պըն Ալին ու անոր ընտանիքին անդամները, այլ նաեւ շուտով տարածուեցաւ երկրի սահմաններէն անդին, ստացաւ շրջանային ծաւալ ու դիմագիծ` կնքուելու համար «Արաբական գարուն» խորագիրով: Շարժումը չոր անտառի մէջ ծագած հրդեհի նման տարածուեցաւ, տնտեսական-ընկերային արդարութեան ու ժողովրդավարութեան դրօշները պարզած` ոստոստեց երկրէ երկիր, տարօրինակօրէն մնալով արաբական որոշ շրջագիծի մէջ, կլանեց` Եգիպտոսը, Լիպիան, Եմէնը, Պահրէյնն ու Սուրիան, հպանցիկ այցելութիններ տուաւ Ալճերիոյ, Յորդանանին ու Մարոքին, սակայն շուտով հրաժարեցաւ անոնցմէ: Պըն Ալիի տապալման օրինակին հետեւեցան Լիպիոյ Մուամմար Քազաֆին ու Եմէնի Ալի Ապտալլա Սալեհը. իւրաքանչիւր երկրի մէջ շարժումը ապրեցաւ իւրայատուկ զարգացում, թէեւ մամուլն ու միջազգային շրջանակները ուզեցին զայն զետեղել «Արաբական գարուն» հասարակ յայտարարին վրայ:
Այսօր, մօտաւորապէս 20 ամիս ետք, ու աչքի առջեւ ունենալով Եգիպտոսի ու Սուրիոյ ապրած ողբերգութիւնները (առանց մոռնալու Իրաքն ու միւս յիշուածները), աներկբայօրէն կարելի է տեսնել, որ աշխարհի նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուող «Արաբական գարուն»-ը աւելի նման է դժոխքի ու կիզիչ ամրան, քան` գարուն յիշեցնող որեւէ երեւոյթի: Այս «գարուն»-ն ալ կը նմանի համահունչ այն իրադարձութիւններուն, որոնք 30-50 տարի առաջ արձանագրուեցան եւրոպական ցամաքամասին վրայ, Հունգարիոյ, (այսօր պատմութեան անցած) Չեխոսլովաքիոյ ու Լեհաստանի մէջ, որոնք կիզուեցան բոլորովին տարբեր գործօններու բերումով ու անոնցմէ այսօր մնացած են միայն լաւ ու վատ յիշատակներ, լաւն ալ կը խամրի Նոր Աշխարհին ապրած «համաշխարհայնացում» կոչուող խորշակին պատճառով…
«Արաբական գարուն»-ը աշխարհին կը ներկայանայ խաբուսիկ միակողմանիութեամբ, որովհետեւ եթէ արագ գնահատումը կատարենք զարգացումներուն, կարելի է տեսնել, որ խոստացուած բարիքներու եւ իրականացած կիսատ-պռատ յաջողութիւններու դիմաց, խնդրոյ առարկայ երկիրները բաւական սուղ վճարած են, կ՛անդրադառնան, որ բարիքի ձգտող զարգացումները լծուած կը մնան մեծապետական շահերու ջաղացքին ու խաբէութեանց, կը հիասթափեցնեն մանաւանդ երիտասարդութիւնը, որովհետեւ իրողական տեղքայլէ անդին չեն տարած զիրենք, իսկ լաւագոյն պարագային, վերադարձուցած են մեկնակէտ:

Նախընթաց Փուլին Վիժումը
Ճիշդ է` իբրեւ մենատիրական ու բռնատիրական իշխանութիւններ ճանչցուած կամ անուանուած դրութեանց դէմ ծաւալած շարժումները ճամբայ ելան բարի նպատակներով, կ՛առաջադրեն արդարութիւն, ընկերային հաւասարակշռութիւն եւ ժողովրդավարութիւն հաստատել երկիրներու մէջ, որոնք դեռ քանի մը տասնամեակ առաջ, հիմնականին մէջ` Բ. Աշխարհամարտէն ետք, կլանուած էին համաարաբական այլ շարժումով մը, որուն նպատակն էր անկախութիւն բերել գաղթատէրերու ենթակայ երկիրներու, բարձրացուցած` ազգայնականութեան դրօշը: Անկախական շարժումները յաջողութիւններ արձանագրեցին երկբեւեռ աշխարհի մը մէջ, յաճախ` արեան բաղնիքներու գնով անկախութեան հասցնելով նախկին գաղութները, սակայն շուտով վիժումներ արձանագրեցին ու երբեմն ալ չարաշահութեան դաշտի վերածուեցան մեծ ուժերուն կողմէ, որոնք ատենին շատ ալ գոհ չէին անկախականներու ազգայնականութենէն: Նոյն այդ ուժերը շուտով գործակիցներ գտան նորանկախ երկիրներու շահերու պաշտպան հռչակուած իշխանաւորներու մէջ, դարձան անոնց մենատիրական ախորժակները քաջալերող, եւ ահա, երբ ծայր տուաւ «գարնանային» ալիքը, յանկարծ զգեստաւորուեցան այս շարժումը քաջալերողի պատմուճաններով, հոն, ուր իրենց… շահերը կը թելադրեն: Օրինակ, տասնամեակներու սերտ գործակից ու կամակատար Հիւսնի Մուպարաք մը հռչակուեցաւ բռնատէր ու հիմա դատարան քաշուած է իր երկրին մէջ:
Ոչ մէկ վէճ, որ այս շարժումներուն դաշտը դարձած երկիրներուն մէջ, գարունը վերածուած է դժոխքի: «Գարուն»-ին արձանագրած առաջին երեւութական յաջողութիւնները վերածուած են կիսատ իրագործումներու, յեղաշրջական նոր ալիքներ ծայր տուած են` աստիճան առ աստիճան ի յայտ բերելով նոր ճշմարտութիւն մը, որ կ՛ահազանգէ, թէ «Արաբական գարուն»-ը կրնայ մատնուիլ անկախական-ազգայնական շարժումներուն ճակատագիրին ու վիժիլ, չհասնիլ ցանկալի ու յայտարարուած նպատակներուն:

Տարբեր «Հատորներ»
Նոյն Կողքին Տակ
Առանց անտեսելու շարժումին դրական արձագանգներն ու խոստացած բարիքները` Թունուզէն ծայր տուած ալիքին նկատմամբ որոշ վերապահութիւններ ու արդիւնաւորման նկատմամբ կասկածներ կ՛ուրուագծուին, նախ` շարժումին տարածման ձեւին ու անոր ներշնչուած զգացականութեան պատճառներով: Թունուզի մէջ երիտասարդ ուսանողի մը` Մոհամետ Պուազիզի ինքնահրկիզման արարքը կը յիշեցնէ Սարայեւոյի դուքսին սպանութեան այն դէպքը, որ բռնկեցուց Ա. Աշխարհամարտը, մինչդեռ տարիներ ետք բացայայտ դարձաւ, որ հրդեհը պատրաստուած էր երկար ատեն առաջ, ունէր բացայայտ ու քողարկուած դրդապատճառներ, որոնք բարիքի հեռանկարով հրապարակ չեկան յամենայն դէպս, այլ աշխարհի պատմութեան մէջ արձանագրեցին գլխագիր չարիք մը եւս` աշխարհամարտը:
2010-ի վերջերուն ծայր տուած շարժումին արագ տարածման մէջ կարեւոր բաժին վերագրուեցաւ արդի արհեստագիտութեան` համակարգչային միջոցներու առատ օգտագործման, սակայն տուեալ իշխանութիւններուն ստեղծած ճնշումներուն հակազդելու կամքին կողքին, «արտաքին» միջամտութեանց ու հրահրումներուն դերը երբեք ալ անտեսելի չէ. իսկ այդ «հեռավար» միջամտութիւնները միշտ ալ չեն կատարուիր յայտարարուած նպատակներուն սպասարկելու դիտաւորութեամբ, այլ` քողարկուած հաշիւներ հետապնդելու մեքենայութիւններով: Եւ ահա, կազմուած է «հատոր» մը, որ ընդհանուր նոյն կողքին տակ կը փորձէ բերել տարբեր երկիրներու իրադարձութեանց եղելոյթին պատմութիւնը` իւրաքանչիւր երկրի վերապահելով հատորին մէկ նոր գլուխը, որ միւս գլուխներուն հետ նմանութեան գիծերու կողքին, ունի նաեւ մեծ տարբերութիւններ: Գլխաւոր հասարակաց գիծերը կը հանդիսանան մարդկային ահաւոր կորուստներով կազմաւորուած ողբերգութիւնն ու արտաքին ներշնչումներուն (չըսելու համար` դուրսէն պարտադրուած ուղղութիւններուն) տրուած աւելորդ կարեւորութիւնը, վստահութիւնը:
Եթէ արագօրէն թերթատենք հատորին էջերը, դժուար չէ տեսնել, որ ատելի դարձած կամ իբրեւ ատելի ներկայացուած կարգերուն անփոփոխ պահպանումը մեծ մասամբ կը մնայ արտաքին ներշնչումներուն ու թելադրանքներուն գլխաւոր նպատակը: Տակաւին, այս շարժումներուն մղում տուող արեւմտեան շրջանակներ` երկիրներ թէ զինակցութիւն, այսօր կը տեսնեն (թէեւ տեսնելու համար աչք պէտք է), որ կարգ մը երկիրներու մէջ արդար ընթացքներու արտօնումը այդ երկիրներուն նաւերը կը տանի այնպիսի ուղղութիւններով, որ բացարձակապէս անյարիր են իրենց առաջադրանքներուն ու շահերուն, հետեւաբար իրենք զիրենք կը գտնեն իրե՛նց իսկ ձեռքով պատրաստուած թակարդներու մէջ, կը փորձեն հազար ու մէկ աղբիւրէ ջուր բերել` արդարացնելու համար ժողովրդավարութեան ու արդարութեան ակնոցով` անարդարանալին: Իսկ թէ քաոսային վիճակ ստեղծելն ու զայն լաւագոյնս շահագործելը արդեօք ջուր վերցնո՞ղ «փիլիսոփայութիւն» է, այդ ալ ուրիշ հարց:

«Հատոր»-ին Գլուխները
ԹՈՒՆՈՒԶ-ը, որ կը կազմէ պատրաստուող «հատոր»-ին առաջին գլուխը, այսօր կորսնցուցած է այն լուսարձակները, որոնք անոր վրայ կեդրոնացան Պուազիզի անձնասպանութենէն մինչեւ Պըն Ալիի տապալումն ու ընտրութիւններ: Հաւանաբար թունուզցիները կրնան ուրախ զգալ, որ իրենց շարժումը, բաղդատաբար միւս երկիրներուն, որդեգրեց նուազ արիւնալի ուղի, իրագործեց իշխանափոխութեան մակարդակ մը, որ սակայն լիովին չի համապատասխաներ մէկ կողմէ տեղւոյն նպատակներուն, միւս կողմէ` դրսեցիներու հաշիւներուն: Աշխարհին համար կը թուի երկրորդական մակարդակի քշուած ըլլալ այն, որ կրօնական որոշ ուղղութիւն մը գերադաս դիրք շահած է երկրի մը մէջ, ուր ենթադրեալ հանդուրժողականութիւն մը կը փորձէ ինքզինք պարտադրել, կրօնական գիծը չի դիտուիր իբրեւ «ծայրայեղական», ինչպէս դիտուեցան Եգիպտոսի «Իսլամ եղբայրներ»-ն ու Կազայի «Համաս»-ը: Յամենայն դէպս Թունուզը այսօր մղուած է դէպի լուսանցք, ներքին հակամարտութիւնը կը մնայ որոշ հակակշիռի տակ, վերջին ամիսներուն ունեցած է մտահոգիչ դրսեւորումներ, սակայն ձեռք բերուած արդիւնքին անբաւարարութեան իրողութիւնը կրնայ բացասական նոր զարգացումներու էջեր բանալ հետագային:

ԼԻՊԻՈՅ պարագան ունեցաւ ողբերգական այլ նկարագիր: Մուամմար Քազաֆիի ընտանիքով ու գործակիցներով մարմնաւորուած իշխանութիւնը, ուժեղ ընդդիմութենէ ետք, ի վերջոյ կորուստի մատնուեցաւ նախագահին սպանութեամբ ու ընտանիքի անդամներուն եւ գործակիցներուն վիճակուած ծանօթ ճակատագիրով: Երբեք ալ աչքառու կերպով չարծարծուեցան այն յետին պատճառները, որոնք Լիպիոյ վիճակեցին քաղաքացիական արիւնալի պատերազմ մը. 80-ական տարիներէն ի վեր Լիպիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններն ու հակադրութիւնները ապրած էին պաղ ու տաք բազմաթիւ հանգրուաններ, որոնք պատմութեան մէջ արձանագրուած են Սիրթի շրջանին վրայ ամերիկեան օդանաւային յարձակում (Քազաֆիի եռամեայ դուստրը զոհ գնաց յարձակումին), «Լոքըրպիի դէպք» եւ այլ խորագիրներու տակ, սակայն միշտ ալ քողարկուած էին Լիպիոյ քարիւղի ու ջուրի հարստութիւններուն մասին մրցակցութիւններն ու Քազաֆիէն յարաճուն սպասումները: Լիպիոյ «ներքին հակամարտութեանց» պայթումէն մինչեւ ՕԹԱՆ-ի յարձակումներուն սկսումը քուլիսներու ետին բաւական սակարկութիւններ տեղի ունեցան. Քազաֆիի տապալումը չվճռուեցաւ երկար ատեն, եւ Ռուսիան չէր միակ ընդդիմացողը, այլ Պերլուսքոնիի Իտալիան ալ կը գործածէր իր արգելակները, սակայն ի վերջոյ յայտնապէս տեղ մը դրսեցիներու հաշիւներու համակարգում ու ներդաշնակում տեղի ունեցաւ. անկէ ետք Քազաֆիի տապալումն ու սպանութիւնը երկրորդական զարգացում էին դրսեցի հաշուարկողներուն համար. անոր անփառունակ սպանութիւնն ու իշխանափոխութիւնը ընկալուեցան իբրեւ այդպիսին, այսինքն` իբրեւ երկրորդական դէպք: Քազաֆիի սպանութիւնը մինչեւ իսկ չարժանացաւ այն ուշադրութեան ու հետաքրքրականութեան, որ վերապահուեցաւ Սատտամ Հիւսէյնի կախաղան հանուելուն, կամ` Իտի Ամին Տատայի մը վերապահուած լուսարձակներուն…
Յետ Քազաֆիի Լիպիան իբր թէ մտած է դէպի ժողովրդավարութիւն տանող ուղի, սակայն ներքին հակամարտութիւնները զայն կը պահեն քաղաքացիական մեղմ պատերազմի մը «տապակ»-ին մէջ, նախկին իշխանութեան ու նորերուն միջեւ բախումները առաւելաբար կը պահուին լուսարձակներէ հեռու. մանաւանդ շատ բան չի խօսուիր այն իրողութեան մասին, թէ իշխանութեան հասած ուժերուն մասնակից են Արեւմուտքին կողմէ անհանդուրժելի նկատուող կրօնական ծայրայեղականներ կամ անոնց մօտիկ կանգնող մարդիկ, որոնց վստահուած դերակատարութեան դիմաց կրնայ վաղը-միւս օր վերջակէտ մը դրուիլ ու… պատճառ դառնալ արիւնալի նոր զարգացումներու: (Եթէ յիշողութիւն կոչուած կալուածը չէ բթացած, դժուար պիտի չըլլայ յիշել, թէ Ուսամա Պըն Լատեն մը ինչպիսի՛ պայմաններու եւ որո՛ւ արտադրութիւնն էր…):

ԵԳԻՊՏՈՍ-ը կ՛ապրի ողբերգութեան ամէնէն ծիծաղելի դրուագը, եթէ անշուշտ բանիմաց մարդիկ կրնան ծիծաղիլ նման զարգացումներու ի տես: Խորքին մէջ Եգիպտոսը թատերաբեմ դարձած է ներքին-արտաքին մեղսակից համագործակցութեան մը, որուն արարները կը շարունակուին տակաւին: Թատրոնին վարագոյրը բացուեցաւ այն օրերուն, երբ ընդդիմութիւնը հրապարակ եկաւ Մուպարաքի իշխանութենէն հեռացման պահանջներով, սակայն աւելի քան ամիս մը ինքզինք դէմ յանդիման գտաւ Արեւմուտքի բուռն մերժումին: Ծովածաւալ ցոյցերը արաբական աշխարհի պատմութեան մէջ արձանագրեցին «Թահրիր հրապարակ» (Ազատագրումի հրապարակ) անունը: Երիտասարդներու կողմէ առաջնորդուող (առերեւոյթ) եւ արդար նպատակներ յայտարարող շարժումը պահ մը ստեղծեց այն տպաւորութիւնը, որ համեմատաբար խաղաղ միջոցներով յեղաշրջումը մտած է յաջողութեան ճամբու մէջ. այդ օրերուն բազմաթիւ կուսակցութիւններ ու խմբաւորումներ կային հրապարակի վրայ, թէեւ «Իսլամ եղբայրներ»-ը ամէնէն կազմակերպն ու հենք ունեցողն էին. քաղաքական կողմերու միջեւ ստեղծուեցաւ որոշ հանդուրժողութիւն, գործակցական տրամադրութիւն, երկիրը դնելու համար յետմուպարաքեան դարաշրջանի սեմին: Մինչեւ իսկ հարցականներ ստեղծուեցան, թէ Մուպարաքի ջերմ պաշտպան Արեւմուտքը, իր բոլոր տարբաղադրիչներով, արդեօք սկսա՞ծ է հանդուրժողութեամբ դիտել իշխանութեան ձգտողները, որոնցմէ գլխաւորը անհանդուրժելի կը նկատուէր կրօնական իր ծանօթ արեւելումին պատճառով, մանաւանդ որ այս խմբաւորումին անունը անցեալին կապուած էր Իսրայէլի հետ հաշտութեան առաջին դաշինքը կնքող Անուար Սատաթի սպանութեան հետ: Յետոյ, ու յատկապէս նախագահական ընտրութեանց վերջին հանգրուանին, թափանցիկ քողը մէկդի նետուեցաւ ու 2011-ի սկիզբները ճամբայ ելած շոգեկառքը եկաւ-բախեցաւ զինուորական իշխանութեան ստեղծած պատին. այս տարեսկիզբին ընտրուած խորհրդարանը, գերագոյն ատեանին որոշումով, լուծարքի ենթարկուեցաւ, իսկ նախագահական ընտրապայքարին երկրորդ փուլը` նախկին իշխանութեան ներկայացուցիչին ու կրօնական արեւելումով հոսանքներու ախոյեանին միջեւ, վերածուեցաւ անվաղորդայն տռամի. փաստօրէն, Զինուորական խորհուրդը, որ Մուպարաքի մեկնումէն առաջ ալ իրողական իշխանութիւն էր, քուէարկութեանց սնտուկներու փակման պահուն հրապարակ եկաւ` յայտարարելով, որ իրողական իշխանութիւնը ինք է ու պիտի մնայ, նոր նախագահը պէտք է յանձն առնէ ըլլալ իր կամակատարը: Եգիպտոս տակաւին նոր սահմանադրութիւն չէ մշակած, սահմանադրութիւն մշակելու մասին քանի մը շաբաթ առաջ գոյացած համախոհութիւնն ալ զինուորականներուն կողմէ աղբանոց նետուած է, որովհետեւ խորհուրդը ինքզինք հռչակեց օրէնսդիր իշխանութիւն ու սահմանադրութիւնը մշակող կողմ, այժէն իսկ յստակ դարձուց, որ յաջորդ նախագահը պիտի կորսնցնէ շատ մը իրաւասութիւններ ու պիտի նախանձի… Անգլիոյ թագուհիին: Մէկ խօսքով, քաղաքական խեղկատակութեան մէկ ու կէս տարուան դրուագները երկիրն ու անոր քաղաքական զարգացումները վերադարձուցած են այն կէտին, ուրկէ ճամբայ ելած էին: «Իսլամ Եղբայրներ»-ն ու անոնց համախոհները կրնան ուրախանալ, որ Մոհամետ Մուրսի շահած է նախագահական ընտրութիւնները (ինքնին` ուշագրաւ նուաճում), սակայն` ողբալ, որ զինուորականները կը մնան իրողական իշխողները: Ի դէպ, Մուպարաքի վերջին վարչապետը` Ահմետ Շաֆիք, չէ ընդունած պարտութիւնը ու կը սպասէ պաշտօնական վճիռին` 21 յունիսն: Այս բոլորին դիմաց, «ժողովրդավարութեան հետամուտ» Արեւմուտքը կը մնայ լուռ ու գոհունակ դիտողի աթոռին վրայ (բնականաբար նաեւ` իրողական իշխանութեան զօրակից ու անոր ուղղութիւն թելադրող), բաւականանալով թոյլբերան զգուշացումով մը ուղղուած զինուորականներուն: Այս բոլորը Եգիպտոսը կը դնեն յեղաշրջական նոր ճամբու մը սկզբնաւորութեան:

Եգիպտոսի շուրջ մղուող շրջանային ու միջազգային տագնապը լաւապէս քողարկուած կը մնայ եւ ունի ներքին դառնութիւններէն մղում առնող շարժումներէն բոլորովին տարբեր «ճաշակ»: Արդարեւ, եթէ տագնապին ներքին երեսը ջուր կը խմէ բռնատիրութեան ու փտածութեան հանդէպ դժգոհութենէ, իշխանաւորներու նիւթական ու այլ չարաշահումներէն, երիտասարդներու անգործութենէն ու ընկերային ահաւոր անհաւասարութենէ, արտաքին քարտէսին վրայ լուռ դերակատարներն են իշխանաւորներուն դաշնակից Իսրայէլն ու Եգիպտոսի ռազմագիտական դիրքով դարերէ ի վեր հրապուրուած հզօրները, որոնց համար Մուպարաքի, Սատաթի նման անհատներէ աւելի` նախապատիւ է ունենալ խմբաւորում մը, որ տրամադիր է, որոշ վարձք ստանալով, երաշխաւորել իրենց շահերը…

Բաժիններ
Ուղիղ
Լրահոս
Որոնում