Այս վճռադրոշմ յայտարարութիւնը Քրիստոս կատարեց մահուան դիմաց` երբ Ղազարոսին հրահանգեց դուրս գալ գերեզմանէն:
Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկած էր քանդելու մարդու թագաւորութիւնը եւ հիմնելու Աստուծոյ թագաւորութիւնը: Ան աշխարհ եկած էր վերստեղծելու աստուածաստեղծ մարդէն հեռացած մարդը եւ առաջնորդելու դէպի Աստուած: Այլ խօսքով, աստուածատուր կեանքի վերահաստատումն էր Բեթղեհէմի ճամբով աշխարհին յայտնուած Աստուծոյ Որդւոյն առաքելութեան նպատակը: Ա՛յս յանձնառութեամբ Ան քարոզեց ու հրաշագործեց. եւ ա՛յս վճռակամութեամբ աշխարհին դիմաց կեցած յայտարարեց.
«Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը» (Յովհ. 11, 25):
Դէպի վերանորոգ կեանք ու յարութիւն ընթացող իր փրկագործական առաքելութեան ընթացքին Քրիստոս ինքզինք ներկայացուց ու իր առաքելութիւնը բնորոշեց մարդու առօրեայ կեանքին հետ անմիջական աղերս ունեցող պատկերներով ու երեւոյթներով: Աստուծոյ մարդացեալ Որդին ըսաւ.
Ե՛ս եմ ճշմարտութիւնը (Յովհ. 14, 6). այլ տեղ մի՛ փնտռէք զայն, այլապէս մի՛ հասկնաք զայն: Քրիստոսի բերած ճշմարտութիւնը տեսական յղացք չէ, այլ` թանձրացեալ իրականութիւն:
Ե՛ս եմ ճամբան (Յովհ. 14, 6), դէպի բարին, դէպի կեանք ու Աստուած առաջնորդող միակ ճամբան: Հեռու մնացէք ձեր առջեւ բացուած աշխարհի մոլոր ճամբաներէն, որքան ալ անոնք թուին հաճելի ու դիւրին:
Ե՛ս եմ դուռը (Յովհ. 10, 9), դէպի երկինք ու երկնայինը բացուած դուռը: Ան որ այդ դուռէն մտնէ, պիտի ուղղուի դէպի փրկութիւն: Զգո՜ւշ եղէք աշխարհի հրապուրիչ դռներէն, որոնք մարդը կ՛առաջնորդեն դէպի չարիք ու մեղք:
Ե՛ս եմ լոյսը (Յովհ. 8, 12), յաւերժափայլ լոյսը աշխարհին: Ան որ այդ լոյսին կը հետեւի, պիտի յաղթէ աշխարհի խաւարին եւ դառնայ երկնային լոյսին ճառագայթը երկրի վրայ:
Ե՛ս եմ հացը (Յովհ. 6, 35), կեանքի իրա՛ւ հացը: Ան որ կը ճաշակէ այս հացէն, բնաւ պիտի չանօթենայ, այլ պիտի մնայ զօրեղ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն դիմաց:
Ե՛ս եմ ջուրը (Յովհ. 7, 37), կեանքի կենսատու ջուրը: Ան որ խմէ երկնային այս յաւերժահոս ջուրը, երբեք պիտի չծարաւի` աշխարհի անապատին մէջ:
Ե՛ս եմ որթատունկը (Յովհ. 15, 1), երկնային բերրի ու անապակ որթատունկը` երկրի ապականած եւ անպտուղ որթատունկերուն դիմաց. ու մարդիկ` անոր ճիւղերը: Եթէ ճիւղերը չմիանան որթատունկին, պիտի չորնան ու դատապարտուին կրակի:
Ե՛ս եմ սէրը (Յովհ. 15, 9), ճշմարիտ սէրը աշխարհին: Ան որ Աստուած կը սիրէ, պէտք է սիրէ նաեւ իր նմանը ու նոյնի՛սկ իր թշնամին եւ միշտ աղօթէ զինք անիծողներուն ու հալածողներուն համար:
Ե՛ս եմ խաղաղութիւնը (Յովհ. 14, 27), աշխարհի իրաւ ու մնայուն խաղաղութիւնը: Աշխարհին պարգեւած Աստուծոյ խաղաղութիւնը արդարութեան վրայ հաստատուած է եւ տարբեր` շահերու վրայ հիմնուած խաղաղութենէն:
Ե՛ս եմ փրկիչը (Յովհ. 4, 42), մարդու միակ փրկիչը: Ես եկայ մարդը փրկելու մեղքի ու մահուան տիրապետութենէն: Մերժեցէք աշխարհի կեղծ փրկիչները, որովհետեւ անոնք մարդը կ՛առաջնորդեն դէպի չարիք ու ինքնաքանդում:
Ե՛ս եմ հովիւը (Յովհ. 10, 11), քաջ հովիւը, որ իր անձը կը նոյնացնէ իր հօտին հետ. կը թողու իննսունինը ոչխարները եւ կը փնտռէ մէկ մոլորեալ ոչխարը: Հետեւեցէք ա՛յս հովիւին:
Ե՛ս եմ կեանքը (Յովհ. 11, 25), յաւիտենական կեանքը աշխարհին: Ան որ իմ ետեւէս կու գայ, հեռու պիտի մնայ կեանքի փորձանքներէն ու չարիքներէն: Ան որ ինծի կը հաւատայ, արժանի պիտի դառնայ յաւիտենական կեանքին:
Աստուծոյ Որդին ո՛չ միայն այս աստուածատուր արժէքներուն, ճշմարտութիւններուն ու սկզբունքներուն յանձնառու ուսուցիչը եղաւ ու կենդանի վկան, այլ զանոնք նոյնացուց իր անձին, կեանքին ու առաքելութեան հետ: Քրիստոս չխօսեցաւ միայն անոնց կենսական կարեւորութեան մասին, այլ` այդ բոլորը եղաւ ու ապա ըսաւ` «ե՛ս եմ»: Եւ աւելի՛ն, անոնց կենսատու ուժով Քրիստոս յաղթե՛ց աշխարհին` շրջելով մարդը Աստուծմէ, երկիրը երկինքէն հեռացնող մարդակեդրոն արժէքներու համակարգը եւ հաստատելով աստուածակեդրոն արժէքներու համակարգը:
Քրիստոսի յարութիւնը յաղթանակն է բարիին` չարին դէմ, լոյսին` խաւարին դէմ, արդարութեան` անարդարութեան դէմ, ճշմարտութեան` կեղծիքին դէմ, կեանքին` մահուան դէմ:
Հաւատքով կերտուած ու յարութեամբ պսակուած յաղթանակի այս ժայռին դիմաց փշրուեցան պատմութեան բոլոր հալածիչներն ու հալածանքները:
Յաղթանակի այս ժայռին վրայ բարձրացան պատմութեան մեծերն ու մեծութիւնները:
Յաղթանակի այս ժայռին վրայ կոթողուեցան բոլո՛ր ժամանակներու մտքի ու հոգիի բոլո՛ր իրագործումները:
Յարութեամբ ամրագրուած «ե՛ս եմ» կեցուածքը Աստուծոյ Որդւոյն դարձաւ աղբիւր հաւատքի քաջութեան ու ոգեղէն հզօրութեան` այն ազգերուն, որոնց կեանքը լեցուեցաւ անհամար փորձանքներով ու փորձութիւններով:
Յարութեամբ կենսագործուած «ե՛ս եմ» կեցուածքը Քրիստոսի նաեւ դարձաւ երաշխիք մարդո՛ւ յարութեան: Իր յարութեամբ Աստուծոյ Որդին ճամբան բացաւ մարդո՛ւ յարութեան:
Քրիստոս խաչով նուաճեց իր յարութիւնը եւ մարդը հրաւիրեց քալելու նոյն այս ճամբէն. այլ խօսքով` ամբողջական սիրոյ ու նուիրումի, հաւատարմութեան ու համարատուութեան, աղօթքի ու ծառայութեան ճամբէն: Իր խոստումին համաձայն, Քրիստոս դա՛րձեալ պիտի գայ աշխարհ ու մեռելներու յարութենէն առաջ տեղի պիտի ունենայ վերջին դատաստանը (Մատթ. 25, 31-46): Քրիստոս պիտի պահանջէ մարդէն իր ապրած կեանքին ու կատարած գործին հաշիւը: Աստուածահաճոյ կեանք ապրած մարդոց Քրիստոս պիտի ըսէ` «եկէ՛ք հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է» (Մատթ. 25, 31-34): Իսկ Աստուծմէ հեռացած ու անառակ կեանք ապրած մարդոց Քրիստոս պիտի ըսէ` «անիծեալներ, հեռացէ՛ք ինձմէ, գացէք յաւիտենական կրակին մէջ, որ սատանային եւ անոր հրեշտակներուն համար պատրաստուած է: Որովհետեւ անօթի էի` եւ չկերակրեցիք զիս, ծարաւ էի` եւ ջուր չտուիք, օտարական էի` եւ չընդունեցիք զիս, մերկ էի` եւ չհագցուցիք, հիւանդ էի եւ բանտի մէջ` եւ սակայն այցի չեկաք ինծի». այլ խօսքով, Քրիստոս վերջին դատաստանի օրը պիտի յայտարարէ, որովհետեւ այս բոլորը ձեր նմանին չըրիք, անոր չօգնեցիք, ինծի օգնած չեղաք (Մատթ. 25, 41-45):
Քրիստոս իր եկեղեցւոյ ճամբով միշտ կը յիշեցնէ աշխարհին` «Ե՛ս եմ յարութիւնը եւ կեանքը»: Միաժամանակ Քրիստոս կը վստահեցնէ բոլոր անոնց, որոնք կը դաւանին զինք որպէս «յարութիւն եւ կեանք», թէ պիտի ժառանգեն յարութեամբ կերտուած յաւիտենական կեանքը (Յովհ. 11, 25):
Արդ, քրիստոնեայ մարդուն կեանքը դէպի յարութիւն ուղղուած կեանք մը պէտք է ըլլայ: Այս խոր հաւատքով, գիտակից յանձնառութեամբ ու վառ տեսիլքով մարդ պէտք է ապրի իր կեանքը:
*
* *
Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, հայրապետական օրհնութեամբ եւ քրիստոնէական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ նորին վսեմութիւն Սերժ Սարգսեանը` մաղթելով արդիւնաւէտ ծառայութիւն մեր սիրելի հայրենիքին ու հայրենի ժողովուրդին:
Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք մեր եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու գահակալները` ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Թորգոմ արք. Մանուկեանը եւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ արք. Մութաֆեանը` իրենց մաղթելով եկեղեցաշէն իրագործումներով հարուստ երկար գահակալութիւն:
Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր եկեղեցւոյ հաւատացեալները: Կը հայցենք յարուցեալ Փրկիչէն, որ իր յարութեան շունչով պայծառակերպէ մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակներուն կեանքը` ի Հայաստան, Ղարաբաղ եւ ի սփիւռս աշխարհի:
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Սուրբ Զատիկ
8 ապրիլ, 2012
Անթիլիաս, Լիբանան











































