Հայ Ազգային Կոնգրեսի (ՀԱԿ) եւ իշխանութեան միջեւ երկկողմանի լուռ կամ մէկ այլ տեսակի համաձայնութեամբ հաղորդակցութեան նոր կարգ մը ստեղծուած է կարծես: Այսպէս, ՀԱԿը իր հերթական ցոյցը կատարելու համար, կը դիմէ քաղաքապետարանին՝ արտօնութիւն ստանալու համար Ազատութիւն հրապարակին վրայ հաւաքուելու. քաղաքապետարանը կը մերժէ արտօնութիւն տալ, ՀԱԿը կը սկսի իր ցոյցը Մատենադարանին առջեւ, ապա ժողովուրդը կը քալէ դէպի հրապարակ, քանի մը վայրկեան բանակցութիւն կը կատարուի հրապարակը շրջապատած ոստիկաններուն հետ եւ հրապարակը կը բացուի ժողովուրդին առջեւ:
Այս գործընթացը լաւ է, այնքանով, որ հաւաքները խաղաղ աւարտելու պայմաններ կը ստեղծեն: Այդ պայմանները, սակայն, աւելի երաշխաւորուած կ՛ըլլան, եթէ Երեւանի իշխանութիւնները, փոխանակ անիմաստ կարգադրութիւններով ու որոշումներով իրենք զիրենք վարկաբեկելելու՝ ուղղակի ու պաշտօնապէս դրական պատասխան տան ՀԱԿի դիմումներուն ու արտօնեն ժողովուրդին հաւաքուիլ Ազատութեան հրապարակ:
Երեւանի քաղաքապետարանը ինքնուրոյն որոշումներ անշուշտ չ՛առներ այսպիսի զգայուն հարցերու վերաբերեալ: Որոշումները կը թելադրուին վերեւներէն, այսինքն՝ նախագահական պալատէն, որուն իւրաքանչիւր կարգադրութիւնը, անպայմանօրէն, յստակ նպատակ մը հետապնդելու միտուած պէտք է ըլլայ: Այս պարագային, նպատակը այնպէս կը թուի՝ ՀԱԿի ղեկավարութեան պատգամ փոխանցելն է, թէ իշխանութեան գլուխ կանգնած մարդիկ կ՛ուզեն խուսափիլ ճակատումէ, դէպքերու անկառավարելի զարգացումներէ, որուն համար պատրաստ են որոշ զիջումներ կատարելու:
Լաւ, բայց նոյն պատգամը հնարաւոր չէ՞ փոխանցել Երեւանի քաղաքապետարանին ազատութիւն տալով, որ արտօնէ հաւաքները Ազատութեան հրապարակին վրայ կատարել՝ իսկապէս անհեթեթ ու անիամաստ նուաստացում մը խնայելով մայրաքաղաքի պաշտօնեաներուն:
Աբօ Պողիկեան