«Նոր Յառաջ»-ը կը գրէ.
«Ազէրպայճանի Խորհրդարանը քուէարկութեամբ մը՝ որդեգրած է նախագահ Ալիեւի եւ իր կնոջ ցկեանս անձեռնմխելիութիւնը:
Ֆրանսահայ Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդը (CCAF) այս առթիւ հաղորդագրութիւն մը տարածած է՝ պարսաւելով ազէրպայճանցի բռնակալի գործելակերպը եւ միջազգային հանրութենէն, յատկապէս Ֆրանսայէն, պահանջելով դատապարտել Ազէրպայճանը եւ որոշ հեռաւորութիւն պահել Ալիեւի բռնակալական իշխանութեան հետ:
«Այսպէսով, իր ամբողջ կեանքի ընթացքին անկարելի պիտի ըլլայ զայն հետապնդել իր գործած քրէական արարքներուն համար: Ամէն մարդ գիտէ այն հսկայ գումարները, զորս Ալիեւ տոհմը դիզած է Ազէրպայճանի նախագահութեան գալէն՝ 1993էն ի վեր: Բոլորն ալ գիտեն -կառավարութիւններ, ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններ, զանգուածային լրատու գործակալութիւններ, հանրային կարծիք եւ կուսակցութիւն-, թէ Ալիեւ տոհմը հարստացաւ՝ չարաշահելով իշխանութիւնը եւ խաբելով իր սեփական ժողովուրդը: Իւրաքանչիւր անհատ -ընդդիմադիր, պարզ քաղաքացի, անկախ լրագրող-, որ մատնացոյց կ՚ընէ Պաքուի մէջ կատարուող կաշառակերութիւնները, նշաւակ կը դառնայ իշխանութեանց հալածանքին», կ՚ըսէ CCAF:
Ապա կը նշէ, թէ ազէրպայճանական խորհրդարանին լայն մեծամասնութեամբ առած այս որոշումը քուէարկուած է ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարուհի Հիլըրի Գլինթընի եւ Եւրոպայի Ապահովութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ-OSCE) գործող նախագահ Եամոն Կիլմորի՝ տարածաշրջան կատարած այցելութենէն անմիջապէս ետք: «Այս վարուելակերպը ժողովրդավարութեան արհամարհում եւ արեւմտեան դիւանագէտներու նկատմամբ նախատինք մը կը հանդիսանայ», կ՚ըսուի: CCAF հարց կու տայ, թէ երբ Ամերիկացիները եւ Եւրոպացիները այնքան կը խանդավառուէին 2011ին՝ Մերձաւոր-Արեւելքի բռնակալներուն անկումով, այսօր ինչո՞ւ կը լռեն ազէրպայճական բռնատիրութեան առջեւ, արդեօք «կազն ու քարի՞ւղն են պատճառը»:
Հաղորդագրութիւնը կ՚եզրափակուի սապէս. «Ալիեւի ցկեանս անձեռնմխելիութիւնը կը թելադրէ Արցախի Հայերու ազատութեան իրաւունքը պաշտպանելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը: Մինչեւ ե՞րբ միջազգային հանրութիւնը պիտի շարունակէ յամառիլ՝ չճանչնալ Արցախի Հայերուն՝ Ալիեւի բռնատիրութեան ներքեւ ապրիլը մերժելու իրաւունքը: Ազէրպայճանի կողմէ այսքա՛ն չարչարուած ժողովուրդ մը կարելի՞ է զրկել ապրելու իրաւունքէն, խաղաղութեան իրաւունքէն, արժանապատւութեան իրաւունքէն, ի՛ր հողին իրաւունքէն: Միակ լուծումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան ճանաչումն է»»: