ԼՂՀ ԱԳ նախկին նախարար Արման Մելիքյանը Facebook-ի իր էջում գրել է.
«Ուկրաինայի գործող ընկերութիւններէն մէկուն արտադրանքը Ռուսիա ներկրելու վերաբերեալ ռուս պաշտօնատարներու կողմէն վերջերս կիրառուած արգելանքը Հայաստանի մէջ տարաբնոյթ մտավախութիւններու պատճառ դարձաւ: Իսկապէս, տնտեսական բնոյթի պատժամիջոցները յաճախ կը կիրառուին քաղաքական նկատառումներէ ելլելով: Միշտ չէ, որ ակնյայտ է պատժամիջոցներու քաղաքական ենթատեքստը, իսկ երբեմն ալ անոնց կիրառման պատճառ կը հանդիսանայ ոչ թէ միջպետական յարաբերութիւններուն մէջ առաջացած այս կամ այն կնճիռը, այլ կոնկրետ ընկերութեան կամ անոր սեփականատիրոջ պաշտօնեայ հովանաւորին անձնապէս պատժելու դիտաւորութիւնը:
Հայաստանի պարագային այս կարգի քայլերու դիմելը Ռուսիայի համար միանգամայն անիմաստ է այն պատճառով, որ անոր ձեռքին մէջ կան մեզ վրայ ազդելու շատ աւելի գործուն լծակներ, ուստի Հայաստանի դէմ ուղղուած նման գործողութիւններն ուղղակի տարօրինակ պիտի ըլլային և պիտի հարուածէին Ռուսիայի վարկին՝ այս ձևով կը պայքարին հաւասարի հետ, մինչդեռ Հայաստանի փաստացի վիճակն ու Ռուսիայի մէջ առկայ քաղաքական մտածողութեան կերպը չեն ձգեր, որ այդօրինակ հաւասարութեան վերաբերեալ պատրանքը նոյնիսկ գոյութեան իրաւունք ունենայ»:









































