Մեծանուն բարերար Գըրգ Գըրգորեանի հիմնադրած «Լինսի» բարեգործական հիմնարկութեան հանդէպ միայն խորապէս երախտապարտ կրնանք ըլլալ ազգովին: Հայաստանի աղէտեալ գօտիներէն մինչեւ Արցախ, մինչեւ Սփիւռքի տարբեր շրջանները աւելի քան երկու տասնամեակ վայելած են այս հիմնարկութեան կենարար նեցուկը:
Հայաստանի հիւսիսը համատարած աւերակի վերածած երկրաշարժի աղէտեալներուն օգնելու Գըրգորեանի մտադրութենէն ծնած «Լինսի»ն, իր գործունէութեան ծիրին մէջ ընդգրկեց ոչ-հայկական ծրագիրներու ու ձեռնարկներու լայն շրջանակ մը եւս:
Այս ծրագիրներուն վերջինը, որ երէկ յայտարարուեցաւ «Լինսի»ի կառավարիչներու որոշումով, հիմնարկութեան ամբողջ ունեցուածքը «Եու.Սի.Էլ. Էյ.»ին փոխանցելու կարգադրութիւնն էր, որ վստահաբար կատարուեցաւ Գըրգորեանի ցուցմունքով:
Համաշխարհային տնտեսական տագնապէն մեծապէս վնասուած հայազգի բարեգործը մինչեւ վերջերս հայկական հաստատութիւններու ու հայաստանեան ծրագիրներու օժանդակելու համար միջոցներ յատկացուցած էր «Լինսի»ի միջոցաւ:
Քալիֆորնիոյ տարածքին հայկական վարժարանները, որոնք բոլորն ալ, անխտիր, տնտեսական ճգնաժամէն տուժած ծանր օրեր կը դիմագրաւէին, անցեալ ամիս փրկարար ներարկում ստացան «Լինսի»էն՝ ապահովելով այս տարուան իրենց կենսունակութիւնը:
«Լինսի»էն հաշիւ պահանջելու իրաւունքը մերը չէ: «Լինսի»ի, աւելի ճիշդը՝ Գըրգորեանի աւանդը հայ աշխարհին մէջ անգնահատելի է ու անմոռանալի:
Բայց եւ այնպէս, մարդկային իւրայատուկ թերութեամբ, հաւանաբար, չենք կրնար չափսոսալ, որ այս հիմնարկութեան տակաւին նկատառելի հարստութենէն այլեւս հայութիւնը ոչինչ պիտի ստանայ:
Նպաստընկալ հաստատութիւնը՝ «Եու.Սի.Էլ.Էյ.»ը, ուսումնական մեծ կեդրոն է, ուր բազմահազար ուսանողներ, որոնց շարքին նաեւ բազմահարիւր հայեր, կը ստանան որակաւոր կրթութիւն, եւ վստահաբար, «Լինսի»ի այս մեծ նուիրատուութիւնը պիտի սատարէ համալսարանի՝ նոր հորիզոններ նուաճելու ճիգին:
Բայց եւ այնպէս, մենք չենք կրնար խուսափիլ «ինչո՞ւ» հարցումը տալու փորձութենէն: