«Նոր Յառաջ»-ը գրում է. «Յուլիս 10էն 24, ֆրանքեւհայկական միացեալ գիտարշաւը կը շարունակէ Սեւանայ լիճին ստորջրեայ ուսումնասիրութիւնը։ Այս տարի հնագիտական աշխատանքներ կը տարուին լիճին յատակին՝ 15 մեթր խորութեան վրայ յայտնաբերուած նաւի մը ուղղութեամբ: Սեւանի յատակին առաջին ստորջրեայ արշաւը ձեռնարկուած է 2010ին, այնուհետեւ կրկնուած է 2011ին։
«Նոր Յառաջ» նոյնպէս անդրադարձած է այս հետազօտական աշխատանքին՝ Փարիզի «Արարատ» ակադեմիայի կազմակերպած գիտաժողովին առթիւ։ Ստորջրեայ Սեւանը ուսումնասիրող՝ ֆրանքեւհայկական այս առաքելութիւնը կը ղեկավարեն Գլօտ Թուլումճեան (նախաձեռնող), Գաբրիէլ Մելիքեան եւ Ստեփան Քոճայեան, որոնք կը գործակցին Հայաստանի մէջ Սեւանայ լիճին խնդիրներով զբաղող պետական մարմիններու եւ հետազօտական հիմնարկներու հետ։ Այս տարւընէ սկսեալ՝ արշաւախումբը պիտի գործէ պատասխանատւութեամբ «Ստորջրեայ հետազօտութեանց եւ սուզումներու հայկական կեդրոն»ին (նախագահ՝ Գ. Թուլումճեան, տեղակալ՝ Արա Աւագեան)։
Ստորջրեայ այս ուսումնասիրութեանց նպատակն է՝ ամրապնդել անցեալ տարիներուն ձեռք բերուած նախնական արդիւնքները, ինչպէս նաեւ շարունակել հաւաքել գիտական փորձերու համար նմոյշներ (ջուր, կազ, նստուածքներ, տիղմ), հանել տեսաֆիլմեր եւ լուսանկարներ, հաշուառել ստորջրեայ աւազանին կենդանական եւ բուսական աշխարհները, ստանալ այլ տեղագրական տուեալներ, որոնք կրնան ծառայել ստորջրեայ հնագիտական պեղումներու կամ երկրաբանական ուսումնասիրութեանց, իրագործել հոսանքներու չափումներ եւ բացայայտել ստորջրեայ աղբիւրներ։
Մինչ այժմ գրէթէ անյայտ՝ ստորջրեայ Սեւանի հետազօտման այս ծրագիրը կ՚առընչուի հետեւեալ ոլորտներուն՝ ջրաերկրաբանութիւն (hydro-géologie), ձկնաբուծութիւն, երկրաբանական գիտութիւններ, բնապահութիւն, հնագիտութիւն եւ ազգագրութիւն, քարանձաւագիտութիւն եւ պատմութիւն»: