Նոր Յառաջ-ը գրում է. «Հայաստանի մէջ, ֆրանսական խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունեցան Յունիս 3ին եւ 17ին՝ ի տարբերութիւն Ֆրանսայի, ուր քուէարկողները քուէատուփերու դիմեցին Յունիս 10ին եւ 17ին:
Արտասահման բնակող Ֆրանսացիներու յատուկ ընտրատարածքներէն 11-րդին ի հաշիւ տեղի ունեցած այս ընտրութիւններու Բ. շրջանին Թիէրի Մարիանի (UMP) ստացած է ձայներու 52,15%ը, ընդդէմ՝ Մարք Վիլարի (ընկերվարական – 47,85%): Արձանագրուած 389 հոգիէն միայն 93ը քուէարկած է, ինչ որ մասնակցութեան շատ ցած տոկոս մը կը նշանակէ՝ 23,9%: Մարիանի ստացած է 56 քուէ, Վիլար՝ 32: Նշենք նաեւ, որ քուէարկութիւնը կը կատարուէր համացանցի միջոցով: