Asbarez.com-ը կը գրէ` «Գրող եւ բեմադրիչ Սեւատայի նորագոյն ֆիլմը՝ «Ճենեքս»ը, 2013ին պիտի սկսի արտադրուելու Նիւ Եորքի եւ Ֆրեզնոյի մէջ, շնորհիւ բեմադրիչին ու արտադրողներ Վելըրի ՄըքՔեֆրիի եւ Կերի Թիթիզեանի միջեւ գոյացած համաձայնութեան:
Ֆիլմը կը պատմէ Սելի Սոլոմոնի պատմութիւնը, որ իր ծնողքին դիմագրաւած Հայկական Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն խուսափելու երկար տարիներու փորձերէն ետք, ինքզինք կը գտնէ դաւադրութեան մը դէմ յանդիման, որ կ’առնչուի հսկայ ընկերութեան մը, որ կը փորձէ Հայկական Ցեղասպանութեան իր մեղսակցութիւնը ծածուկ պահել:
Սեւատա հեղինակած, բեմադրած եւ արտադրած է շարք մը ֆիլմեր, տեսաերիզներ ու ծանուցումներ, որոնք մրցանակներու արժանացած են: Անոնց շարքին են «The Rope» եւ «The Last Troubadour» ֆիլմերը. իսկ Վելըրի ՄըքՔեֆրի արտադրած է մրցանակակիր բազմաթիւ շարժապատկերներ, որոնց շարքին՝ «American History X»ը, «Hard Candy»ն եւ «Babe»ը»:










































