Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումը` Հայաստանի Հանրապետութեան մասին, կը գնահատուի ընդհանրապէս բացասական: Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասին Միացեալ Նահանգներու դեսպանին կատարած դրական յայտարարութիւններէն ետք պաշտօնական Ուաշինկթընը կարեւոր յետընթաց կ՛արձանագրէ Հայաստանի ուղղութեամբ: Ընտրութիւններու բարելաւում արձանագրած Երեւանը այս զեկուցումին հիմամբ մեծ կատարելիք ունի բանակի իրավիճակը բարելաւելու ուղղութեամբ: Իսկ բանակին մէջ արձանագրուող դէպքերուն կը նպաստեն կենսամակարդակի ցած պայմանները, փտածութիւնը, հրամանատարներու անպատժելիութիւնը եւ հաշուետուութեան պակասը` ըստ զեկուցումին:
Քաղաքական այս գնահատականը ունի անշուշտ իր շարժառիթները: Առաւելաբար ընտրուած է ռազմական ոլորտը իբրեւ քննադատութեան թիրախ: Ինչ որ մտածել կու տայ, թէ այդ մարզին մէջ իրադրութիւններու շղթայ մը պատճառ դառնայ, որ Միացեալ Նահանգները խստացնեն իրենց զեկուցումին բովանդակութեան ոճը:
ՕԹԱՆ-ը ռազմական դաշինք է, իսկ Հայաստանի նախագահին ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին չմասնակցիլը բնականաբար նախ եւ առաջ պիտի արժանանար ՕԹԱՆ-ի գերուժերէն Միացեալ Նահանգներու հակազդեցութեան: Նախ եւ առաջ պիտի ընտրուէր ռազմական ոլորտը, զոր քննադատելու ընթացքին պէտք է յիշուէին նաեւ այլ բացասական կողմեր:
Բանակի մասին հրապարակուած քննադատութեան վերաբերեալ բաւականանանք այսքանով եւ անցնինք աւելի խորը մտածելու տեղի տուող բաժինին: Նոյն զեկուցումին մէջ կ՛ըսուի.-
«Հայ անջատողականները Հայաստանի աջակցութեամբ կը շարունակեն վերահսկել Ազրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը եւ շրջապատող 7 ազրպէյճանական տարածքները»: Այս մէկն ալ համահունչ է ՕԹԱՆ-ի Շիքակոյի ձեւակերպումին, ուր կը խօսուէր տարածքային ամբողջականութեան մասին, մինչ խնամքով անուշադրութեան կը մատնուէր ազգերու ինքնորոշման միջազգային իրաւունքի սկզբունքը:
Ուաշինկթըն այսպիսով կը շարունակէ դրսեւորել ինքնահակասական վարքագիծ: Այսպէս: Եթէ միջազգային ընտանիքի որոշումով արցախեան հակամարտութեան թղթածրարի միջնորդական առաքելութիւնը յանձնուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ որուն համանախագահներէն մէկը կը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգները, ապա նոյն Ուաշինկթընը այս ձեւով կը հակասէ իր ստանձնած միջնորդական առաքելութեան: Աւելի պարզ` ինչի՞ շուրջ կը բանակցի ամերիկացի պաշտօնատարը, եթէ իր պետութիւնը կը հաստատէ, որ «անջատողական» հայեր, Հայաստանի աջակցութեամբ կը շարունակեն վերահսկել Լեռնային Ղարաբաղի շրջանն ու եօթը տարածքները: Եթէ վճռուած է, որ այդ շրջանները ազրպէյճանական են, ապա ի՞նչ իմաստ ունին բանակցութիւնները եւ ի՞նչ իմաստ ունի այս պարագային մանաւանդ բանակցային գործընթացը համանախագահելը:
Մէկ հարցում եւս կը սպասէ իր պատասխանին: Արցախին տրուած ամերիկեան օժանդակութեան բարձրացումը անջատողական հայերո՞ւն ուղղուած է, որոնք Հայաստանի օժանդակութեամբ կը վերահսկեն Արցախն ու եօթը տարածքները:
Ինքնահակասական շղթայի այս օղակը կապուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին, որուն այցելութիւնը շուտով կը սպասուի շրջան եւ այդ շարքին Երեւան: Երեւանի մէջ նախարար Քլինթըն պէտք է պատասխանէ ընտրութիւններուն որակին, բանակի իրավիճակին, «անջատողական» հայերուն եւ օժանդակող Հայաստանին մասին իրեն տրուելիք հարցումներուն: Ամենայն հաւանականութեամբ ինքնահակասական դրսեւորումներու նոր շարքի մը ականատես կ՛ըլլանք շուտով: Կը թուի, որ ինքնահակասումը պաշտօնական վարքագիծի կարեւոր բաղադրիչի վերածուած է, որ կրնայ բացատրուիլ դիւանագիտական մակարդակի փտածութեամբ, յայտարարութիւն կատարելու կամ զեկուցում հրապարակելու «անջատողականութեամբ» եւ յատկապէս անպատժելիութեամբ ու հաշուետուութեան բացակայութեամբ: