Ֆրանսայի նոր կառավարութեան նշանակումէն եւ Արդարադատութեան նախարարութեան աթոռին ալ Քրիսթին Թոպիրայի հաստատուելէն ետք, որոշ մտավախութիւններ ծագած են ֆրանսահայ շրջանակներուն մէջ:
Ի՞նչ է պատճառը:
Ծանօթ է, որ վերջին տարիներուն, Ֆրանսայի մէջ հետզհետէ կը հզօրանայ թրքական լոպին. բազմաթիւ առիթներով ունեցանք ատոր փաստը: Վերջին շրջանին, այդ լոպիին ամենէն յիշատակուող անունը դարձաւ Տէմիր Էօնկէր, որ Փարիզի «Անատոլու» թուրք մշակոյթի միութեան նախագահ եւ Ֆրանսայի թրքական ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչն է: Ան, Յունուար 21ին, Փարիզի մէջ, պատժելիութեան օրէնքին դէմ թրքական ցոյցը գլխաւորողներէն էր:
Իսկ, Ֆրանսայի Արդարադատութեան նոր նախարարուհիին եւ Էօնկէրի կապը կ՚երթայ մինչեւ 2004՝ եւրոպական ընտրութիւններ: Այդ թուականին, Էօնկէր հանդիսացած է Թոպիրայի գլխաւորած ընտրական ցանկին թիւ 2ը: Այդ ընտրութիւններուն առթիւ պատրաստուած ազդերուն եւ թռուցիկներուն մէջ, քաղաքական իրենց գլխաւոր հինգ խոստումներուն մաս կը կազմէ Թուրքիոյ՝ Եւրոպայի անդամակցութիւնը ջատագովող հետեւեալ կէտը, սա բանաձեւումով՝ «Այո՝ լայիք թրքական հանրապետութեան եւ թուրք ժողովուրդին տրուած խոստումին յարգանքին»: Ինքնին բաւական խօսուն տուեալ՝ Թուրքիոյ նկատմամբ Թոպիրայի համակրանքը հաստատելու համար:
Կիւյանցի նախարարուհին, անդրծովեան իր ծագումով՝ բնական թեքում ունենալու է գաղութատիրութեան դէմ եւ անիրաւուած ազգերու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած պայքարներու հանդէպ: Սակայն զարմանալիօրէն, ի տարբերութիւն քաղաքական բազմաթիւ այլ դէմքերու, այդ օրերէն ի վեր, ան միայն մէկ անգամ արտայայտած է իր համակրանքը Հայ Դատին նկատմամբ՝ 2011 Յուլիս 14ին, Շան-տը-Մարսի վրայ տրուած համերգին, երբ ընկերվարական իր կուսակիցներուն հետ՝ տաղաւարէ-տաղաւար շրջելու ընթացքին՝ կ՚այցելէր «Վան» խմբաւորման հայկական տաղաւարը:
Այս կացութիւնը հարցականներու եւ մտավախութիւններու ծնունդ կու տայ ֆրանսահայ համայնքին մօտ՝ պատժելիութեան նոր բանաձեւի մը, այս անգամ, յաջողութեան յանգելուն տեսանկիւնէն:
«Նոր Յառաջ»-