«Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակը (ՄՀՏՄ) կը սպասէ ձեր թեկնածութեան առաջարկներուն
Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակը, 15 Սեպտեմբեր 2011-ին՝ երրորդ անգամ ըլլալով պիտի գտնէ իր տէրերը:
Մրցանակը պիտի բաշխուի՝ խտրականութենէ, ցեղապաշտութենէ, բռնութենէ զերծ, աւելի ազատ ու արդար աշխարհի մը ձգտող, այս իտէալին առումով անհատական վտանգներ ստանձնող, կանխակարծիքները խորտակող, խաղաղութեան լեզուով արտայայտուող եւ այս բոլորը իրագործելու միջոցին մարդկութիւնը այս պայքարը շարունակելու ուղիին մէջ ոգեւորող եւ յոյս տուող անհատ, հիմնարկ եւ կամ հաստատութիւններուն:
Հրանդ Տինք Հիմնարկին այս մրցանակը տալու նպատակն է յիշեցնել բոլոր անոնց որ այս ուղղութեամբ ջանք կը թափեն, թէ՝ ձայներնին լսելի է, թէ՝ ըրածները տեսանելի է, թէ՝ մինակ չեն ու անոնց բարոյապէս նեցուկ կանգնիլ եւ համայն մարդկութիւնը քաջալերել իրենց իտէալներուն համար մղած պայքարին մէջ:
Այս տարուան մրցանակին համար թեկնածու առաջարկելու թուականը սահմանուած է 15 Հոկտեմբեր 2010 էն 15 Ապրիլ 2011-ի միջեւ:
Ինչպէ՞ս կրնամ թեկնածու առաջարկել
Ձեր թեկնածուի առաջարկները կրնաք մեզի հասցնել www.hrantdinkaward.org կայքէջի հարցաթերթիկը լրացնելով, եւ կամ ուղարկելով վարի հասցէին՝ մինչեւ 15 Ապրիլ 2011.
Hrant Dink Vakfi
Halaskargazi Cad. Sebat Apt. No: 74/1
Osmanbey, Sisli 34371
Istanbul, TURKEY
Հարցաթերթիկին կցելով ձեր առաջարկած թեկնածուի մասին լրացուցիչ տեղեկութիւնները, մեծապէս դիւրացուցած պիտի ըլլաք միջազգային դատակազմի որոշումը:
Միջազգային Դատակազմ
Միջազգային Հրանդ Տինք Մրցանակի 2011-ի դատակազմը կը բաղկանայ հետեւեալ անուններէ՝ Ռաքէլ Տինք (Հրանդ Տինք Հիմնարկի Նախագահ), Ճուտիդ Պաթլըր (ֆէմինիստ մտաւորական), Հասան Ճէմալ (լրագրող), Ատալէթ Աղաօղլու (վիպագիր), Իրէն Խան (Նախկին Միջազգային Համաներման Հիմնարկի Նախագահ), Դանիէլ Գոն Բէնտիդ (Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր), Պորիս Նաւասարդեան (Երեւան Մամուլի Ակումբի Նախագահ), Թուրքիոյ «Խղճով մերժում» Շարժումը (2010 ՄՀՏՄ-ի դափնեկիր), Պաղտասար Կարզոն Ռէալ (2010 ՄՀՏՄ-ի դափնեկիր)»: