Նախագահական ընտրութեան Բ. շրջանէն քանի մը օր առաջ՝ Մայիս 2-ին, թեկնածու Հոլանտ Ֆրանսայի թուրք համայնքին ուղղուած նամակ մը հասցէագրած է Փարիզի թրքական «Անատոլու» մշակութային կեդրոնի նախագահ Տէմիր Էօնկէրին, որպէս բանբերը՝ ֆրանքեւթրքական միութիւնները համակարգող խորհուրդին:
Ըստ երեւոյթին, ան պատասխան մըն է՝ յիշողութեան օրէնքներու նիւթին մասին հարցադրումներ պարունակող՝ իրեն ուղղուած նամակի մը, քանի Հոլանտ կը սկսի շնորհակալութիւն յայտնելով, որ իր ուշադրութիւնը հրաւիրուած է այդ բնոյթի օրէնքներու դժուարին հարցին վրայ:
Նախ, ան կ՚ողջունէ թրքական այդ խորհուրդին՝ խաղաղութեան ուղղութեամբ տարած անվերջ աշխատանքը: Ապա կը փորձէ բացատրել՝ ընդունելի դառնալու ակներեւ մտահոգութեամբ, որ Ընկերվարական կուսակցութիւնը պատժելիութեան օրէնքին նախաձեռնարկ եղած է, եւ ինք ալ անոր ի նպաստ քուէարկած է, բայց այդ օրէնքը ուղղակի ոչ մէկ պետութեան կամ ժողովուրդի դէմ է, այլ անով հետապնդուած նպատակն է՝ պատժել ցեղասպանական ոճիրները ժխտողները, դրուատողները կամ անոնց ծանրակշիռ բնոյթը ստորագնահատելու միտողները:
Հոլանտ կ՚ըսէ, թէ հարցը բացառաբար պատժական բնոյթ ունի, եւ օրէնսդիր մարմինները չեն դպչիր Պատմութեան ոլորտին: Կ՚աւելցնէ, թէ այդ բարդ հարցը իւրայատուկ չէ Հայաստանի պարագային, ու ան խոր վիճարկումներու տեղի կու տայ ընտրեալներու մօտ՝ ամէն անգամ որ հարցը կը վերաբերի ժողովուրդ մը ամբաստանելու: «Բայց վստա՛հ եղէք՝ ընկերվարականներուն եւ ինծի համար շատ կարեւոր է ֆրանքեւթրքական բարեկամութիւնը», կ՚ըսէ Հոլանտ:
Ցաւ կը յայտնէ, որ որոշ հեռաւորութիւն մը ստեղծուած է Ֆրանսայի եւ Թուրքիոյ միջեւ, մինչ գոյութիւն ունին բազմաթիւ օրինակներ, որոնք ապացոյց են, թէ այս երկու երկիրները կը բաժնեն հասարակաց պատմութիւն մը եւ արժէքներ: «Եթէ Ֆրանսացիները ինծի յայտնեն իրենց վստահութիւնը, ջանք պիտի թափեմ այդ մեծ երկրին՝ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու սերտացման համար» կը գրէ Հոլանտ:
Ընկերվարական թեկնածուն հետեւեալ տողերով կ՚եզրափակէ իր նամակը. «Հաւատարիմ՝ իր հանրապետական աւանդութեան, իմ կարծիքովս, Ֆրանսան պէտք է ուշադիր մնայ ժողովուրդներու բարեկամութեան ուղղութեամբ կատարուած ջանքերուն նկատմամբ: Սահմանադրական խորհուրդը անվաւեր հռչակեց օրէնքը: Այնպէս պիտի ընեմ, որ նոր մը առաջարկուի, յարիր՝ մեր Սահմանադրութեան»:
Նոր Յառաջ